Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր ինքնաշարժներուն թիւը ահռելի կերպով շատցած է աշխարհի բոլոր կողմերը:
1939-ի եւ 1959-ի միջեւ Ֆրանսայի մէջ ինքնաշարժներուն թիւը երկուկէս միլիոնէն բարձրացած է 5 միլիոն 650,000-ի: Ամերիկայի մէջ ինքնաշարժներու թիւը հասած է 70 միլիոն 500,000-ի: Նոյն չափով, սակայն, աւելցած են նաեւ ինքնաշարժային արկածներու պատճառով եղող ծախքերը: Օրինակի համար, Ամերիկայի մէջ ծախսուած է վեց միլիոն 200,000 տոլար:
Ամերիկացի հռչակաւոր գիտնական տոքթ. Հենրի Օկտըն վերջերս կատարած է ինքնատիպ ուսումնասիրութիւն մը, որուն ընթացքին տասը հազար ամերիկացիներ քննելով՝ յանգած է հետեւեալ եզրակացութեանց: «Երիտասարդները տարեցներէն աւելի յաճախ կը տառապին գլխացաւէ: Քսան տարու ամերիկացիներուն 80 առ հարիւրը տեւական գլխացաւ կ՛ունենայ, առնուազն շաբաթը մէկ անգամ: Առաջին գծի վրայ կու գան բժշկականի ուսանողները: Անոնցմէ ետք կու գան՝ միւս ուսանողները, ձեռնարկներու տնօրէնները, պաշտօնեաները, տանտիկինները, քահանաները եւ գործաւորը: Գալով գիւղացիներուն՝ անոնք գրեթէ բոլորովին անտեղեակ են գլխացաւին: Ամերիկացի գիտնականին ըրած ամենավերջին ու թերեւս ամէնէն շահեկան դիտարկութիւնը այն է, թէ ամուրիները ամուսնացածներէն աւելի շատ գլխացաւ կ՛ունենան:
Լ՛Օրիանի, ցուցադրութեան գեղեցիկ սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի նկարներու ցուցահանդէսին: Արուեստագէտ հասարակութիւն մը՝ հայ, տեղացի եւ օտար, ինչպէս նաեւ՝ լրագրողներ, ներկայ եղան բացման հանդիսութեան եւ իրենց անվերապահ գնահատանքն ու սքանչացումը յայտնեցին երիտասարդ նկարիչին: Ցուցադրութեան դրուած էին մէկը միւսէն յաջող եւ արժէքաւոր 30 նկարներ: