Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկութեան 130-ամեակի հանդիսութիւնները մեծ շուքով տեղի ունեցած են։
Ներկայ գտնուած է Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Աթենակորաս արք. եւ այդ առթիւ 1000 թրք. ոսկի նուիրած է հիւանդանոցին։ Հիւանդանոցի մատրան մէջ կատարուած է կրօնական մասնաւոր արարողութիւն մը, նախագահութեամբ պատրիարք հօր։ Ապա հիւանդանոցի հանդիսասրահին մէջ տրուած է ճաշասեղան մը, ուր ներկայ գտնուած են երկու Պատրիարքները։ Աթենաղորաս պատրիարք յուզիչ ճառ մը խօսելով՝ հիացում յայտնած է որ, 130 տարիէ ի վեր այդ հաստատութիւնը կրցած է շարունակել իր օգտաշատ գոյութիւնը։
Պոլսոյ արուարձաններէն Գատը-գիւղի, Խաս-գիւղի, Օրթա-գիւղի, Պիւյիւքտէրէի եւ Մայր եկեղեցւոյ պատկանող կարգ մը հողեր եւ կալուածներ, որոնք Պետական Գանձին փոխանցուելու վտանգին տակ կը գտնուէին, վերջին երեք ամսուան ընթացքին Պատրիարքարանի իւրաւագէտ խորհրդական պրն. Մարտիրոս Ագըլլըեանի անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ, փրկուած են ոտնձգութենէ եւ դատական որոշումով արձանագրուած են իրենց բուն իրաւատէր եկեղեցիներու անուան։ Շուրջ երկուքուկէս միլիոն ոսկի արժողութեամբ ազգապատկան այս կալուածներէն զատ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատկանող չորս տուն եւ չորս խանութներ, որոնք Պետական Գանձին անցած էին, դարձեալ շնորհիւ պրն. Մարտիրոս Ագըլլըեանի եւ Վահան Խարբութլեանի ջանքերուն, վերադարձուած եւ արձանագրուած են Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան։
Մակարիոս արքեպիսկոպոս Միջազգային Մամուլի ակումբին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին յայտարարեց թէ՝ իր կարծիքով՝ բոլոր երկիրները որոնց կարգին նաեւ համայնավար գերիշխանութեան տակ գտնուող երկիրները, ինքնորոշման իրաւունք ունին։