Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մեծ հաճոյքով հետեւեցանք Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Ազգ. Միացեալ վարժարաններու երկսեռ աշակերտութեան տարեկան մարզահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ երեկոյեան, Ֆիքսի Ֆիվոսի ընդարձակ մարզադաշտին մէջ։

Ուսումնական խորհուրդի հովանաւորութիւնը վայելող այս մարզահանդէսին մասնակցեցան՝ մեր զոյգ նախակրթարաններու Գ-Զ կարգերու աշակերտները։ Մարզահանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին՝ գերշ. Ս. առաջնորդ հայրը, հայ կաթողիկէ համայնքին առաջնորդ գերյ. Յ.Թ.Ծ.Վ. Խանցեանը, Տուրղութիի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեանը, Պատ. Ուսումնական խորհուրդի անդամներ՝ պրն. Ն. Յակոբեան եւ Ժ. Ճանիկեան, Ամերիկայի հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար պրն. Բիւզանդ Կռանեան, Հաւուարտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն պրն. Ե. Ճէճիզեան եւ տիկինը, Տուրղութիի պատ. Թաղ. խորհուրդի կազմը, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղի անդամուհիները, հայ աւետարանական դպրոցի տնօրէնութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան անդամներ, Հայրենակցական Միութեանց ներկայացուցիչներ, «Ազատ Օր»ի խմբագրական կազմը եւ շատ ծնողներ։ Մարզահանդէսը սկսաւ տողանցքով մը, ղեկավարութեամբ՝ մարզիչ-ուսուցչուհիներու, օր. Մերի Օհանեան (Ֆիքս) եւ Ռիթա Իլիատուի (Գոքինիա)։ Տողանցքէն վերջ աշակերտները շարուեցան հանդիսականներու առջեւ, ուր եղան հայերէն եւ յունարէն արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ մարզահանդէսի յատուկ երգեր։ Յետոյ Ֆիքսի վարժարանի Ա. եւ Բ. կարգերու աշակերտները կատարեցին յաջող մարզանք-պարեր։ Յաջորդաբար Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Գ. , Դ. , Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները կատարեցին շուետական մարզանքներ, վազք, պալոն պայթեցնել, խմբական խաղեր, եւայլն, որոնք ծափահարուեցան ներկաներէն։ Երկու ժամ տեւող մարզահանդէսը փակուեցաւ յունական Ազգ. քայլերգով։ Սոյն մարզահանդէսը, նոյն յաջողութեամբ կրկնուեցաւ Գոքինիոյ Աւետարանական վարժարանի բակին մէջ։