Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան 35-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի օր, 3 Յունիսին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի սրահին մէջ։
Այս տարուան Պատգամաւորականին մասնակցեցան 45-է աւելի պատգամաւորներ, իրաւասու եւ խորհրդակցական ձայնով։ Հրաւիրուած էր նաեւ «Ազատ Օր»ը։ Կարդացուած տեղեկագրէն վերահասու եղանք, որ Հ. Կ. Խաչը անցնող տարեշրջանին եւս շատ լաւ գործ կատարած է։ Շրջ. վարչութիւնն ու շրջաններու վարչութիւնները կանոնաւոր կերպով գումարած են իրենց վարչական եւ անդամական ընդհանուր ժողովները։ Իրենց կազմակերպած զանազան ձեռնարկներով գաղութին ազգային կեանքը վառ պահած են։ Պատգամաւորական ժողովը առանձնապէս գնահատելի գտաւ Գարէա-Կեսարիանիի մասնաճիւղը, որ հակառակ նորակազմ ըլլալուն՝ ունեցած է փայլուն գործունէութիւն։ Իր կարելիութեան սահմանին մէջ եւ անխտրական ոգիով օգնած է զոյգ թաղերու մեր չքաւոր ու հիւանդ քոյրերուն եւ եղբայրերուն։ Թաղ. խորհուրդին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետ ունեցած է սիրալիր գործակցութիւն եւ կազմակերպած է յաջող ձեռնարկներ։ Նմանապէս՝ Գալիթէա-Ճիճիֆիէս-Մոսխաթոյի նորակազմ մասնաճիւղը, որ աւելի քան 120 հայ ընտանիքներ հաշուող այս թաղամասերուն մէջ կրցած է կազմել ժրաջան Մարմին մը, որ գործի լծուելով՝ առաջին օրէն իսկ ազգային շարժում ստեղծած է իր շրջանին մէջ եւ հետաքրքրուած՝ մեր չքաւոր ու հիւանդ ազգակիցներով։ Գալով Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Թամպուրիոյ մասնաճիւղերուն, անոնք լիուլի կատարած են իրենց պարտականութիւնները։ Ունեցած են խնամատարական բեղուն գործունէութիւն եւ բազմաթիւ ձեռնարկներ։ Ժողովը անոնց մասին անսահման ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ եւ գնահատեց այս երեք շրջաններու մասնաճիւղերը եւ վարչութիւնները։ Կարճ դադարէ մը յետոյ, կարգը եկաւ Շրջ. վարչութեան։ Շրջանային վարչութեան քարտուղարուհին կարդաց տեղեկագիրը ուր նշուած էր միութեան գործունէութիւնը։ (Շար.)