Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունիս 3-ին, առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի Զինուորական թատրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 44-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։

Ժողովուրդը լեցուցած էր հանդիսասրահը՝ իր յարգանքի տուրքը տալու համար մեր նորագոյն պատմութեան շքեղագոյն թուականը կերտած նահատակներուն եւ հերոսներուն։ Հանդէսին ներկայ էին՝ գաղութիս հոգեւոր հովիւը՝ արժ. Տէր Ղուկաս Աւագ քհնյ. Ֆիլիզեան, Ազգ. իշխանութիւնը, Յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, Թեմական ժողովի պատգամաւորները, եւ մշակութային, բարեսիրական ու մարզական միութեանց վարչական կազմերը։ Երգչախումբին կողմէ երգուած հելլէն եւ հայ ոգերգներէն վերջ, օրուան նախագահ՝ ընկ. Լեւոն Ճլկունի հակիրճ խօսքերով օրուան տօնին նշանակութիւնը բացատրելով շեշտեց թէ՝ Մայիս 28-ը, մեր ազատագրական պայքարի արիւնոտ ճամբուն վրայ կը հանդիսանայ պատմական մեծագոյն եւ շքեղագոյն թուականը, որ դիմագիծ տուաւ մեր քաղաքական անկերպարան կեանքին եւ ստեղծեց այսօրուան հայրենիքը՝ մեր վաղուան յոյսերուն միակ կորիզը։ Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ իր արժանաւոր խմբավարին՝ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի, երգեց մի քանի երգ։ Ընկ. Ժերմէն Իսպիրեան արտասանեց Յովհն. Շիրազի «Ես իմ անուշ Հայաստան եարն եմ սիրում» քերթուածը՝ որ բողոքի պոռթկում մըն է Եղիշէ Չարենցի եղերական սպանութեան դէմ եւ 1960-ին մէկ անգամ միայն լսուած է Երեւանի ձայնասփիւռէն եւ ապա արգիլուած է անոր հրատարակութիւնը եւ արտասանութիւնը։ Երիտասարդացի կողմէ ընկ. Սօսի Տերանեան արտասանեց հայրենիքին նուիրուած գեղեցիկ քերթուած մը։ Ապա՝ նախագահի հրաւէրով բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս՝ հանրային գործիչ ընկ. Բիւզանդ Կռանեան։ Յաջորդաբար, Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբը պատրաստած էր փոքր ներկայացում մը դաշնակցական ֆետայիներու կեանքէն առնուած։ Յետոյ՝ ընկ. Մայտա Տերանեան կարդաց ուղերձ մը՝ որ կ'արտայայտէր Դաշնակցութեան շունչով մեծցող երիտասարդութեան հաւատքը հայ ժողովուրդի ապագային նկատմամբ։