Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթը հետեւեալ ուշագրաւ լուրը կուտայ. «Անցեալ Յունուարէն ի վեր, Պոլսոյ մէջ, 192 Իսլամներ կրօնափոխ եղած են։
Նախապէս Ալի անունը կրողը՝ Արա, Քեմալը՝ Նուպար եւ Ռուհիէն՝ Ռազմուհի անունը առած են։ Այս նախկին Իսլամները, որոնք մզկիթէն դուրս չէին ելլեր, հիմա ալ եկեղեցիներուն անբաժան ուխտաւորները դարձած են։ Իսլամութենէ քրիստոնեայ դարձած 192 հոգիին 76ը կին, 41ը՝ տղաք եւ մնացեալներն ալ տարիքոտ այրեր են։ Ասոնցմէ իրենց հին ու նոր կրօններուն ամէնէն հաւատարիմները՝ կիներն են։ Անկախութեան պատերազմի նախորդող տարիներուն տեղի ունեցած հայկական ջարդերը անհրաժեշտ դարձուցած էին որ բազմաթիւ Քրիստոնեաներ իսլամանան եւ այն ատեն իսլամացող անձերուն զաւակները հիմա իրաւական ատեաններուն դիմելով սկսած են փոխել իրենց կրօնքը։ Քրիստոնեայ դառնալու համար հիմնական ատեաններուն դիմողներէն շատեր դատարանին առջեւ ըսած են. -Մենք բռնութեան տակ իսլամացած էինք, կը նախընտրենք դիրքով քրիստոնեայ ըլլալ»։
Երեւանի Սպենդիարեան օփերայի եւ պալէտի պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակի հանդիսութիւնը։ Ներկայ գտնուած են, բացի հայ գիտական, գրական եւ գեղարուեստական յայտնի դէմքերէ, Սովիէթ Միութեան հանրապետութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ամերիկայէն եւ Սփիւռքէն գացած հայեր։ Բացումը կատարած է Հայաստանի վարչապետ Անտոն Քոչինեան, որ նշած է հայ գրերու գիւտին նշանակութիւնը եւ բացուած յայտարարած Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-ամեակի հանդիսութիւնները։ Ապա խօսք առած է ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեան, որ մասնաւորապէս ըսած է թէ հայ գրերու գիւտէն յետոյ, հայ լեզուով զարգացման կարեւորագոյն քայլը եղած է հայկական տպագրութեան հիմնումը, որուն 450-ամեակն է։ Խօսք առած են Ուքրանիայի, Լիթուանիոյ, Էսթոնիոյ, Տաճիկիստանի, Թիւրքմենիստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ներկայացուցիչները։