Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ուրբաթ, 25 Մայիսին Ճեմարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ քոքթէյլ-հաւաքոյթ մը, ի պատիւ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եւ ծանօթ մտաւորական Բենիամին Թաշեանի եւ Քալիֆորնիոյ հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանի,

կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան: Հրաւիրուած էին պետական հայ երեսփոխանները, Համազգայինի զանազան մասնաճիւղերու վարչութեանց դիւանները եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ ու համակիրներ: Հաւաքոյթը վարեց տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ մտերմական ու զուարթ մթնոլորտի մը մէջ յաջորդաբար խօսք տուաւ Սիմոն Վրացեանին, Կարօ Սասունիին, Վարդգէս Շամլեանին, բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանին եւ Անդրանիկ Ուրֆալեանին, որոնք ընդհանրապէս շեշտեցին մշակութային ճակատի վրայ հայ ժողովուրդին իրագործած նուաճումները եւ մշակոյթին փրկարար դերը՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան պայքարին մէջ: Ի վերջոյ, խօսքը տրուեցաւ յարգելի հիւրերուն՝ Բիւզանդ Կռանեանին եւ Բենիամին Թաշեանին, որոնք շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իրենց ի պատիւ տրուած այս հաւաքոյթին համար, պանծացուցին մեր մշակոյթը, որ հայ ժողովուրդին գոյութեան հիմնաքարը կը կազմէ: Եղան մեներգներ եւ արտասանութիւններ՝ Ա. Փեհլիվանեանի, Գէորգ Էմմիեանի եւ Թաթուլ Այնեճեանի կողմէ:

Շաբաթ կէսօրէ ետք օդային գծով Պէյրութէն Աթէնք ժամանեց եւ Մայիս 28-ի հանդէսին մէջ բանախօսելու համար՝ Կիրակի առաւօտ դէպի Թեսաղոնիկէ մեկնեցաւ երիտասարդ գրող եւ հանրային գործիչ ընկ. Բիւզանդ Կռանեան։ Ընկ. Կռանեան վարիչ-քարտուղարն է Գալիֆորնիոյ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, որ տարիներէ ի վեր անխտրական ոգիով՝ տնտեսապէս կþօժանդակէ Սփիւռքի հայ վարժարաններուն, որոնց կարգին նաեւ՝ յունահայ վարժարաններուն։ Ընկ. Բիւզանդ մօտ տասը օր պիտի մնայ Աթէնք եւ պիտի այցելէ մեր վարժարանները։