Փարնասոսի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ազգային երաժշտանոցի երգի ուսուցչուհի տիկին Մանտօ Աղափիթու Պութուի դասարանի ուսանողներու երգի ցուցադրութիւն մը՝ որուն կը մասնակցէր նաեւ աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Արուս Գրիգորեան։
Պէյրութի «Այգ» օրաթերթը կը գրէ.- Պոլսոյ «Մամիկոնեան Երգչախումբը» որ ինչպէս ծանօթ է, Երուսաղէմէն վերադարձի ճամբուն վրայ հանդիպած էր Պէյրութ եւ հոգեւոր ու աշխարհիկ երգերով համերգ մը տուած էր Ամերիկեան Համալսարանի Չեփըլին մէջ, մնացեալ օրերը անցուց պտոյտներով եւ զանազան այ- ցելութիւններով, ընդ որս՝ դէպի Պաալպէք կատարած պտոյտ մը՝ կազմակերպուած՝ պոլսահայ «Խրիմեան երգչախումբ»ի կողմէ, որ միեւնոյն ատեն նախաձեռնարկն էր քոյր երգչա- խումբին Պէյրութի մէջ տուած միակ համերգին։ Երեկոյեան, Պաալպէքէ վերադարձին, հիւրերը գացին ուղղակի Անթիլիաս, ուր վեհարանին մէջ ընդունուեցան Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառը մտերիմ զրոյց ունեցաւ երգչախումբի անդամներուն հետ եւ հետաքրքրուելէ վերջ անոնց ճամբորդութեամբ եւ շրջապտոյտով, փափաք յայտնեց անգամ մը եւս առիթը ստեղծել՝ Լիբանանի մէջ երգելու համար։ Խումբի անդամներուն մէկ մասը եւ վարիչը՝ տոքթ. Տիգրան Մամիկոնեան արդէն նախապէս պարբերաբար եւ մաս առ մաս այցելած էին Վեհափառին եւ ընդունուած անկէ։ Այս խմբական այցելութենէն վերջ, հիւրերը փափաք յայտնեցին Մայր Տաճարին մէջ «Հայր մեր» մը երգել եւ Վեհափառ Կաթողիկոսէն խնդրեցին այս աղօթքի վերջաւորութեան ըսել «Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն»ը։ Վեհափառին հաւանութիւնը առնելով, հիւրերը իջան Մայր Տաճար եւ մի քանի երգեր երգելով ներկաները բաժնուեցան Անթիլիասէն, մեծապէս գոհ ու տպաւորուած։ Յաջորդ առաւօտ խումբը մեկնեցաւ Հալէպ, ուր երգահանդէս մը պիտի տայ ու յետոյ ճամբայ պիտի ելլէ Հալէպէն՝ դէպի Պոլիս։