Նոր Սիսէն կը գրեն.- 13 Ապրիլ 1962-ին, տեղի ունեցաւ Լուսինեան վարժարանի մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութիւնը, առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ:
Անցնող իւրաքանչիւր օրը սկսուած աշխատանքները յառաջացուց եւ արդէն իսկ առաջին յարկի շինութիւնը գրեթէ վերջացած է: 17 Մայիսին առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանի կրկին այցելեց շրջան եւ նախապէս գնուած հողամասին վրայ աւելցաւ 119 քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը եւս: Այսպիսով, մանկապարտէզի շինութեան կը յատկացուի մօտ 450 քառ. մեթր տարածութեամբ հողամաս մը, որուն վրայ պիտի կա- ռուցուին արդիական 8 դասարաններ՝ գետնայարկը պահելով իբրեւ խաղավայր: Շինութեան հանգանակիչ յանձնախումբը ճիգ ու զոհողութիւն չի խնայեր թաղին երկսեռ փոքրիկներուն յատկացուելիք այս հաստատութիւնը օժտելու համար արդիական յարմարութիւններով:
Ս. Քառասնից Մանկանց Ազգային երկսեռ վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի «Սիամանթօ եւ Խեչեզարէ» պոէմին ներկայացումը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 1962, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ: Սեդրակ Էսմերեանի բեմադրութեամբ եւ գրեթէ շրջանաւարտներու խաղարկութեամբ տրուած այս ներկայացումը կարելի է սեպել գոհացուցիչ: Պէտք է խոստովանիլ, որ դիւրին ներկայացուելիք գործ մը չէր՝ նկատի ունենալով պոէմին նիւթը, երգերը, եւ ամբողջական արտասանութիւնը բծախնդիր եւ երկարատեւ փորձերու կը կարօտէր: Յամենայն դէպս կը գնահատենք Ս. Քառասնից Մանկանց երկսեռ վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր, առաջին անգամ ըլլալով բեմի վրայ ներկայացնելու Յովհաննէս Շիրազի այս գլուխ գործոցը: Բոլոր դերակատարներն ալ շնորհաւորելի են, քանի որ կրցան այս գործը գոհացուցիչ կերպով ներկայացնել: