Ուրբաթ օր Հայկազեան քոլեճին մէջ կատարուեցաւ բացումը գիտական ցուցահանդէսի մը, որ յատկացուած էր քոլեճի ուսանողներու ծրագիրներուն եւ հրթիռներու արձակման յայտագրին:
Ցուցահանդէսը տեւեց երկու օր, որուն ընթացքին լիբանանեան գիտական շրջանակներու պատկանող բազմաթիւ անձնաւորութիւններ եւ այլ հետաքրքիրներ այցելեցին եւ հիացումով արտայայտուեցան Հայկազեան քոլեճի՝ այս մարզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններու մասին: Հրթիռային յանձնախումբի վարիչ փրոֆ. Մանուկեան այցելուներուն տեղեկութիւններ տուաւ ցուցահանդէսին եւ իրենց ապագայ ծրագիրներուն մասին: Հայկազեան քոլեճի հրթիռային յանձնախումբը Մայիսի վերջերը պիտի արձակէ նոր հռթիռ մը, որ երկյարկանի պիտի ըլլայ եւ պիտի կշռէ 80 քիլօ: Այս հրթիռը, որ պիտի կոչուի «Մայրի Բ.», պիտի հասնի 15 քմ. բարձրութեան մը: Փորձը պիտի կատարուի հսկողութեանը ներքեւ բանակին, որ ձրիօրէն տրամադրած է արձակման խարիսխը: Հայկազեան քոլեճի հրթիռային յաձնախումբը յաջողութեամբ արձակած է արդէն վեց հրթիռներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը՝ Զարեհ Ա. հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին: Առաւօտուն լիբանանահայ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս, քահանայ հայրեր, Ս. Նշանի թաղական խորհուրդի անդամներ, բարեպաշտ ազգայիններ, աւելի քան 30 ինքնաշարժներով գացին Անթիլիաս՝ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը առաջնորդելու Ս. Նշան մայր եկեղեցի, որուն դրան առաջ լիբանանեան ազգային գոյներով դրօշակազարդուած յաղթական կամար մը շինուած էր: Վեհափառի մուտքին Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը մատաղցու ոչխար մը մորթել տուաւ: Նորին սուրբ օծութիւնը հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ Երեւման Ս. Խաչը բնաբան ունենալով՝ մխիթարեց ու հաւատքի զօրութեան հրաւիրեց բազմահազար ժողովուրդը: