Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գահիրէէն Պէյրութ ժամանեց եւ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ հռչակաւոր երգչուհի Գ. Գասպարեան: Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր» տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին մասին կը գրէ.-

Գոհար Գասպարեան, իբրեւ օժտեալ արուեստագիտուհի, ծանօթ էր արդէն եգիպտահայութեան եւ լայնօրէն գնահատուած՝ հայ թէ օտար շրջանակներուն մէջ, տարիներ առաջ: Այսօր, տարիներ ետք, իր զոյգ երգահանդէսներով անգամ մը եւս ապացոյցը տուաւ իր անվիճելի տաղանդին: Հաստատեց նաեւ, թէ ինք այն բացառապէս օժտուած արուեստագիտուհիներէն է, որ գիտէ տեւաբար վերանորոգուիլ եւ կատարելագործել իր արուեստը՝ նորանոր նուաճումներ կատարելով: Արդարեւ, Գոհար Գասպարեան մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած է իր ձայնի մշակման, թեքնիքի զարգացման եւ արուեստի կատարելագործման մարզին մէջ: Եւ շնորհիւ այս յառաջդիմութեանց ու իր արուեստագիտուհիի փայլուն շնորհներուն, անշուշտ, յաջողած է տիրանալ միջազգային համբաւի՝ պանծացնելով միաժամանակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անունը: Հայրենի արուեստագէտներուն մէջ ամէնէն արժանաւորներէն եւ ամէնէն օժտուածներէն է Գոհար Գասպարեան: Ունի շունչ ու շնորհ, արուեստագէտի խոր ըմբռնողութիւն ու զգայնութիւն: Հաղորդական է ու վարակիչ իր արուեստը: Կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ իր երգերը, կը խռովէ ու կը լիացնէ: Իրաւ արուեստագիտուհի մը, որով կրնայ հպարտ զգալ հայութիւնը»:

Հայկազեան քոլեճին մէջ ամսոյս 18-ին եւ 19-ին, կէսօրէ վերջ ժամը 3:00-9:00 տեղի պիտի ունենայ գիտական ցուցադրութիւն մը՝ կազմակերպուած նոյն քոլեճի գիտական ակումբին կողմէ: Պիտի ցուցադրուին մինչեւ հիմա արձակուած հրթիռներու նմուշներ եւ կարգ մը ապագայ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ՝ երկու յարկանի հրթիռի մը արձակումը, որ ծրագրուած է ամսոյս վերջերը: Պիտի ցուցադրուին նաեւ գիտական գիրքեր եւ նորութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ճարտարարուեստական պիտոյքներ: