Մայիսի սկիզբը, օդային գծով Աթէնքէն Ալեքսանդրուպոլիս ժամանեց յունահայոց առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան։ Սրբազան հայրը օդակայանէն ինքնաշարժներու թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր կանուխէն բազմութիւն մը սրբազան հօր կը սպասէր։
Նոյն գիշերը, «Ասթիր» հիւրանոցին մէջ, տեղւոյս Ազգային իշխանութիւնը հացկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ սրբազան հօր, ուր տեղւոյս ազգային հարցերու շուրջ տեղի ունեցան խորհրդակցութիւններ։ Յաջորդ օրը, Սրբազան հայրը, Ազգ. իշխանութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, պաշտօնապէս այցելեց տեղւոյս մետրոպոլիտին՝ գերշ. Եոաքիմ սրբազանին, որոնց հետ ոնեցաւ սիրալիր խօսակցութիւն։ Երեկոյեան, սրբազան հայրը տուաւ շահեկան դասախօսութիւն մը։ Ան ծանրացաւ հայապահպանման հարցին վրայ եւ վեր առաւ, այդ մարզին մէջ հայաստանեայց եկեղեցւոյ վերապահուած մեծ դերը։ Պարզեց հայ եկեղեցւոյ ունեցած կրօնական, ազգային, քաղաքական եւ մշակութային գործունէութիւնը, իր հիմնադրութենէն ի վեր։ Շաբաթ երեկոյ, սրբազան հայրը այցելեց կարգ մը տուներ եւ հիւանդ ազգակիցներու տուաւ իր օրհնութիւնը։ Նոյն երեկոյեան, սրբազան հայրը կատարեց երեկոյեան ժամերգութիւնը որուն հետեւեցաւ քաղաքի քարոզիչը՝ Տէր Բեթրօ հայրը։ Շաբաթ իրիկուընէ, Տիտիմոթիխոյէն եկած էին քսանի մօտ ազգակիցներ։ Կիրակի առաւօտ Գավալայէն եւ Քսանթիէն հասան խումբ մը հայրենակիցներ։ Իսկ Գոմոթինիէն այս անգամ ալ երկու մեծ ինքնաշարժներով եկան տեղւոյն Երիտասարդացի անդամները եւ ազգայինները, մօտ յիսուն հոգի, իրենց աջակցութիւնը բերելու Ապրիլեան նահատակներու յուշատօնին։ Պատարագէն առաջ, սրբազան հայրը կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն։ Հանդիսաւոր արարողութեամբ՝ դպրութեան չորս աստիճաններ տուաւ՝ Քսանթիէն՝ պրն. Կարօ Մորալեանին, իսկ Ալեքսանդրուպոլսէն պրն. Յարութիւն Գասէմեանին, Պօղոս Պիւլպիւլեանին, Յակոբ Մարուքեանին եւ Գրիգոր Տէտէեանին։ Յետ ձեռնադրութեան՝ ուրարի տուչութիւն կատարեց պրն. Կ. Մորալեանին։ ¥Շար.¤