Քալիֆորնիաբնակ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան իր անսպառ առատաձեռնութենէն թանկագին բաժին մը հանած է Լիբանանի հայ գաղութին՝ 50.000 տոլարի պատկառելի գումար մը յատկացնելով Պուրճ Համուտի մէջ շինուելիք ազգային երկրորդական վարժարանին, որ պիտի կոչուի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, անոր ազնուասիրտ այրիին անունով:
Սոֆիա Յակոբեան մէկն է այն բացառիկ դէմքերէն, որոնք իրենց ազգին հանդէպ ունեցած պարտականութիւնը կը կատարեն առաւելագոյն չափով, խոր գիտակցութեամբը այն ճշմարտութեան, թէ ազգին տրուածը կոչուած է մնալու իբրեւ անկորնչելի կոթող՝ յաւերժացնելով թէ՛ գործը եւ թէ՛ այդ գործին մղում տուող բարերարը: Վերջին տարիներուն Սոֆիա Յակոբեան ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ նուիրած է հայ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններու, գումար մը, որ մրցանիշ կոտրող երեւոյթի մը շօշափելի արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ: Նուիրաբերած է գրեթէ իր ամբողջ հարստութիւնը, որուն մնացեալ մասը տրամադիր է կտակով մը նուիրելու իր ժողովուրդին՝ անոր ծով կարիքներուն հասնելու անհուն զոհողութեամբ: Այսպէս, Ս. Յակոբեան 100.000 տոլար նուիրած է Հայ Օգնութեան Միութեան, որ արժանաւորապէս «Մայր» անփոխարինելի տիտղոսը տուած է անոր, մեծ բարերարուհիին ընծայուած պատիւներուն մեծագոյնը. 300.000 տոլար տուած է Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան՝ հաստատ եւ ապահով հիմ մը ընծայելով այդ մեծանուն հիմնարկութեան կրթական գործին. 30.000 տոլար յատկացուցած է Յունաստանի ազգային վարժարանին, որ կոչուած է Լեւոն եւ Սոֆիա յակոբեան անունով. 30.000 տոլար տրամադրած է ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ի ֆոնտին: Այս բոլորէն դուրս, անհաշուելի կը մնան այն օժանդակութիւնները, որոնք եղած են անհատներու՝ առ ի քաջալերութիւն անոնց տաղանդին ու արժէքին: Հայ ժողովուրդը վստահութեամբ կրնայ նայիլ իր ապագային, երբ գիտէ սոֆիայակոբեաններ ծնիլ եւ հայ կրթական հիմնարկներ ստեղծել իր ծոցէն: