Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Էմիկ Աւագեան, 39 տարեկան, որ ուղեղային անդամալուծութեան ենթարկուած էր, դարձած է ելեկտրագիտութեան փայլուն գիւտարար եւ ճարտարագէտ մը, ու յայտարարուած՝ 1961-ի Հաշմանդամ Ամերիկացին։

Այս նկատումով, մրցանակ մը պիտի տրուի անոր, Ուաշինկթընի մէջ, հացկերոյթի մը ընթացքին, Հաշմանդամներու եւ Անկարներու Հաստատութեան կողմէ։ Աւագեանի բազուկները, ձեռքերը եւ մատները անօգուտ են եւ կը խօսի դանդաղօրէն ու մեծ ճիգով։ Քալելու անկարող է՝ շարժաթոռով մը կը յառաջանայ։ Ան այս ծանր հաշմանդամութեան ենթարկուած է 11 տարեկանին, Թեհրանի մէջ, Ամերիկա երթալէ առաջ։ Սակայն, շուտով ցոյց տուած է իր ապշեցուցիչ ընդունակութիւնը եւ կամքը, սորվելով անգլերէն, տակաւին նախակրթարանէն։ Թէեւ պատուոյ աստիճանով աւարտած է բարձրագոյն վարժարանը, սակայն, իրեն ըսուած է թէ՝ պիտի չկրանայ համալսարան երթալ, իր ֆիզիքական դժուարութեանց համար։ Ան մերժած է սակայն ընդունիլ այս վճիռը եւ հետեւած՝ Իլլինոյզ նահանգի Եուրիքա համալսարանին, զոր աւարտած է 1948-ին, ստանալով պսակաւորի աստիճան։ Ժամանակամիջոց մը իբրեւ ելեկտրագիտական խորհրդական եւ ծրագրիչ աշխատելէ ետք, Աւագեան դարձած է խորհրդական ճարտարագէտ Ինթերնաշընըլ Պիզնէս Մըշինզ ընկերութեան մօտ, 1950-ին։ Հոն ծրագրած եւ շինած է ձայնական հակակշռի դրութիւն մը, ինչպէս նաեւ շատ մը ելեկտրական գրամեքենաներ, որոնք կը գրեն, բարձրախօս գործիքի մը միջոցով՝ շունչի ազդեցութեամբ։ 1952-ին, Գոլումպիա համալսարանէն ստացած է վարդապետի աստիճան եւ նոյն տարին դարձած գլխաւոր ճարտարագէտ՝ Ամերիքըն Տիքթէյթինկ Մըշինզ Քորփ.ի։ 1956-ին, միացած է Թելերեճիսթըր ընկերութեան, իբրեւ գրութեանց ճարտարագէտ։ Մինչեւ հիմա ան կը շարունակէ իր պաշտօնը, իբրեւ հնարիչ եւ հսկիչ՝ Թելելեճիսթրի տեղեկատուութեանց փոխանցման դրութեանց։