Կիրակի 13 Մայիսին Ֆիքսի մէջ Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղը «Մայրերու Օր»ը տօնեց Կաթողիկէ հայոց հաստատութեան սրահին մէջ։ Ներկայ էին Շրջ. վարչութեան անդամները, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Տիկ. Նուարդ Պէօրէկճեան օրուան խօսքը փոխանցեց ու յաջորդաբար տեղի ունեցան կենդանի պատկեր, արտասանութիւններ, մեներգ եւայլն։ Ներկայացուեցաւ Սուրէն Պարթեւեանի «Անմահ բոց»էն արար մը, մասնակցութեամբ աթենահայ բեմի լաւագոյն ուժերու։
«Փարի-Մաչ» պատկերազարդ մեծ հանդէսը, որ մօտաւորապէս երկու միլիոն սպառում ունի, Յունաստանի ռազմագիտական դիրքի մասին հրատարակած է խիստ շահեկան յօդուած մը, որ կը կրէ «Փոլարիս» հրթիռներ Ակրոպոլիսի պաշտպանութեան համար» խորագիրը եւ որուն համառօտ ամփոփումը հետեւեալն է. «Յունաստան արեւմտեան աշխարհի միակ երկիրն է, որ արթուն կը հսկէ բազմաթիւ համայնավար պետութեանց սահմաններուն վրայ։ Նմանապէս միակ երկիրն է, որուն Միջերկրականի եւ Եւրոպայի մէջ ունեցած ռազմագիտական դիրքին բացայայտօրէն աչք տնկած է սովիէթական քաղաքականութիւնը։ Բաւական ատենէ ի վեր, Ատլանտեան խմբակցութեան մէջ միացած արեւմտեան աշխարհը՝ կը հսկէ մեր քաղաքականութեան տաճարներուն, հաւասարազօր սովիէթական զինուորական ուժի դէմ։ Սակայն, այն պահէն, երբ Սովիէթ Միութիւնը, իր թուական գերակշռութեան վրայ, ջերմկորիզային զէնքերու ձեւով աւելցուց նաեւ թեքնիկ գերակշռութիւն՝ նոր սպառնալիք մըն ալ ստեղծուեցաւ Յունաստանի համար ինչպէս, այլապէս միւս բոլո՛ր երկիրներուն համար ալ, որոնց Ատլանտեան պաշտպանողական կազմակերպութեան առաքելութիւնն է պաշտպանութիւնը՝ յանուն այն սկզբունքներուն՝ որ մէկ սկիզբէն կը խորհրդանշէ Ակրոպոլիսը։