Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յառաջիկայ Ապրիլին Նիւ Եորքի մէջ պիտի բացուի ինքնաշարժի ցուցահանդէս մը: Կասկած չկայ, որ այցելուները ամէնէն աւելի պիտի հետաքրքրէ ճեթ շարժակով ինքնաշարժը, որ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք, ինքնաշարժի գործարանատէրերը սկսան աշխատանքներ կատարել ճեթ շարժակով ինքնաշարժներ շինելու համար: Այս շարժակները սովորական շարժակներէն աւելի զօրաւոր եւ աւելի խնայողական պիտի ըլլային: Օրինակ՝ մէկ կալոն քարիւղով 25 քիլոմեթր ճամբայ պիտի կտրէին: Այս աշխատանքները տուին իրենց արդիւնքը եւ կարգ մը գործարաններ շինեցին այս տեսակ ինքնաշարժներու մէկ քանի շարժակներ: Անգլիա եւ Ամերիկա նոյնիսկ սկսան մրցիլ այս մարզին մէջ: Ցարդ շինած նախատիպարները շատ հեռու էին գործնական  ըլլալէ: Ամէնէն մեծ անպատեհութիւնն էր շարժակներէն հանած մեծ աղմուկը, ասկէ զատ, շարժակներէն ելած տաք կազերը վտանգաւոր էին անցորդներուն համար: Անգլիոյ «Ռովըր» ինքնաշարժի գործարաններու ճարտարագէտները կը պնդեն, թէ տասնհինգ տարուան աշխատանքէ մը ետք յաջողած են շինել ճեթ ինքնաշարժը, որ զերծ է վերոյիշեալ անպատեհութիւններէն: Այս ինքնաշարժը պիտի ղրկեն Նիւ Եորքի ցուցահանդէսը եւ իրենց յառաջացած թեքնիքին ապացոյցը պիտի տան: Նոր «Ռովըր» ինքնաշարժի քարիւղի թիւլպինով շարժակը 140 ձիու ուժ ունի, կառքին չորս անիւներն ալ անկախաբար կը դառնան: Այս ինքնաշարժին մասին ուրիշ որեւէ տեղեկութիւն չի տրուիր: Մանրամասնութիւնները պիտի հրատարակուին ցուցահանդէսէն ետք: «Ռովըր» հաստատութիւնը 1956-ին ալ նախատիպար մը ցուցադրած էր: Այս ինքնաշարժը ժամական 180 քիլոմեթր արագութիւն ունէր: Ճարտարագէտները կը յայտնեն, թէ նոր ինքնաշարժը աւելի մեծ արագութիւն մը պիտի ունենայ: Ցուցահանդէսի ընթացքին, եթէ տեսնուի, թէ ճիշդ են անգլիացի ճարտարագէտներուն պնդումները, այս տիպի ինքնաշարժներու մեծաքանակ արտադրութեան պիտի ձեռնարկուի: Այդ պարագային մեծ յեղաշրջում մը պիտի կատարուի ճարտարարուեստին մէջ: