Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ինչպէս մէկ քանի տարիէ ի վեր, այս տարի  եւս, Զաւարեանի մէջ, Մարտ 9-ին, Ուրբաթ օր, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը կազմակերպած էր Մանկական պարահանդէսը, որ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։

Պարահանդէսին մասնակցեցան Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի վարժարաններու երկսեռ փոքրիկները, որոնց կþընկերանային իրենց ծնողները։ Պարահանդէսին բացման առթիւ խօսեցան տիկին Նուարդ Պէօրէկճեան եւ ընկեր Օննիկ Զաքարեան։ Ապա տեղի ունեցան մանկական պարեր եւ զուարճութիւններ, որոնք տեւեցին շուրջ երեք ժամ։ Շրջանային վարչութիւնը փոքրիկներուն բաժնեց պալոններ, սերփանթին եւ շաքարեղէն, աւելի եւս ուրախացնելով զանոնք։ Պարահանդէսէն վերջ, ծնողները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Շրջ. Վարչութեան, իրենց զաւակներուն պարգեւած այս քանի մը ուրախ ժամերուն համար եւ գոհ սրտով մեկնեցան սրահէն։


Բարեկենդանի Կիրակին, Մարտ 11-ին Զաւարեանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ մասնաճիւղի ընտանեկան մեծ պարահանդէսը։ Զաւարեան սրահը զարդարուած էր բարեկենդանի պատշաճ կերպով, ընկ. Վահէ Փաթթուկեանի կողմէ, տէր եւ տիկին Տիգրան Սրապեաններու տրամադրած առարկաներով։ Օրուան խօսնակ ընկ. Մատթէոս Աջապահեան բացումը կատարելով Հ. Կ. Խաչի վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց՝ որ նիւթապէս ու բարոյապէս կը քաջալերեն Կ. Խաչի ձեռնարկները ինչպէս նաեւ՝ անոնց՝ որ թանկագին նուէրներ տրամադրած էին վիճակահանութեան համար։ Ընկ. Աջապահեան բարի զուարճութիւն մաղթելով ներկաներուն վերջացուց իր խօսքը։ Իրենց գեղեցիկ մեներգներով պարահանդէսին փայլը աւելցուցին՝ Գրիգոր             Գզրեան, Կարօ Վարդանեան եւ օր, Եղիս Եազըճեան։ Պարահանդէսը մինչեւ առաւօտ շարունակուեցաւ հայկական մթնոլորտի մէջ։