Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գարէայի մեր կազմակերպութիւնները, հովանաւորութեամբ Թաղական խորհուրդի, նորանոր ծրագիրներ կը մշակեն, միութենական մեքենան միշտ շաժման մէջ ու ազգային կեանքը՝ այս թաղին մէջ վառ պահելու համար։

Այս ուղղութեամբ որդեգրուած նոր գործելակերպը, շատ լաւ արդիւնքներ տուաւ ցարդ։ Թաղականութեան հովանաւորութեամբ եւ Հ. Կ. Խաչի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեանց մասնակցութեամբ կը  գումարուին խառն ժողովներ, ուր կ'որուշուի եւ ուղղութիւն կը տրուի իւրաքանչիւր կազմակերպութեան յառաջիկային կատարելիք գործունէութեան մասին։ Այսպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ը որոշած էր Մարտ 3ի համար կազմակերպել Վարդանանցի հերոսամարտին երեկոյ մը, համեմուած՝ երգերով եւ օրուան պատշաճ արտասանութիւններով։ Յիշեալ հանդէս-դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբին մէջ, դասախօս ունենալով եղբ. Ռուբէն Թոփճեանը։  Եղան պատշաճ զուգերգներ ու արտասանութիւններ, բոլորն ալ Գարէայի նոր սերունդի կողմէ։ Ի վերջոյ խօսքը առաւ եղբ. Ժ. Կիւզէլեան, որ իր կարգին Վարդանանց պատերազմի հայութեան համար ունեցած նշանակութիւնը տուաւ հանդիսականներուն։

Գարէայի պէս սակաւաթիւ հայութիւն ունեցող թաղի մը մէջ, պարահանդէս կազմակերպելը շատ դժուար բան մըն է։ Այսուհանդերձ Գարէայի եղբայրներն ու քոյրերը նկատի ունենալով, որ պարահանդէսէն գոյանալիք գումարը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուէր տեղւոյն ակումբին, յաջողեցան թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս։ Գարէայի «Լազարիտիս»ի ընդարձակ  սրահը լեցուն էր բազմութեամբ։ Պերճ-Գրիգոր նուագախումբին իրենց նուագարաններով ընկերացան հելլէն ծանօթ նուագախումբերու պատկանող նուագողներ։ Պրն. Ժիրայր Կիւզէլեան հայերէն եւ յունարէն լեզուով բարի զուարճութիւն մաղթեց ներկաներուն ու բացատրեց Հ. Կ. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կատարած դերը Գարէայի մէջ։ Երեկոն մեծ յաջողութիւն արձանագրեց եւ բոլորը ուրախ ժամեր անցուցին։