Գալիթէայի, Ծիծիֆիէսի եւ Մոսխաթոյի Հ. Կ. Խաչի նորակազմ մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր միջանդամական հաւաքոյթ մը սարքելու ատենապետուհի տիկին Վիքթորիա Գասպարեանի բնակարանին մէջ։
Ներկայ էին՝ մեծ թիւով Հ. Կ. Խաչի անդամ-անդամուհիներ, որոնք հիւրասիրուեցան թէյասեղանով եւ որոնք քանի մը ժամ ապրեցան հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Մի քանի օրիորդներու կողմէ եղան յաջող արտասանութիւններ, որոնք գնահատուեցան ծափերով։ Ի տես այս խանդավառ մթնոլորտին, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի տիկին Նուարդ Պէօրէքճեան, ինչպէս միշտ, իրեն յատուկ պերճախօսութեամբ խօսեցաւ Հ. Կ. Խաչի նպատակներուն, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ առաքելութեան մասին։ Ապա՝ շինիչ ու գեղեցիկ խօսքերով խրախուսեց ներկաները եւ հայութեան լաւագոյն ապագայի մասին իր խոր հաւատքը յայտնեց։ Տիկին Պէօրէքճեանի խօսքերը մեծ տպաւորութիւն գործեցին ներկաներուն վրայ։
Մարտ 3-ին ալ, մասնաճիւղի գանձապահուհի տիկ. Գոհար Էօրմեզեանի բնակարանին մէջ սարքուեցաւ պար-երեկոյթ մը, որ նոյնպէս փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Երկսեռ երիտասարդութիւնը ապրեցաւ զուտ հայկական մթնոլորտի մէջ գեղեցիկ երեկոյ մը, երգելով ու պարելով։ Ընկ. Յարութիւն Սարաճեան ըրաւ քանի մը խօսք՝ վեր առնելով Հ. Կ. Խաչի կատարած մեծ դերը հայ իրականութեան մէջ։ Ընկեր Սարաճեան յաջողութեան ջերմ մաղթանքներ փոխանցեց նորակազմ մասնաճիւղին։ Ընկ. Գէորգ Ներէտեան եւ պրն. Կարպիս Գունտաքճեան ըրին գեղեցիկ մեներգներ։
Պատկան աղբիւրէ կը հաղորդուի թէ՝ Յունահպատակներու ինքնութեան թուղթերը պէտք է նորոգուին մինչեւ ամսոյս վերջը։ Թուղթերու նորոգման համար ամէն քաղաքացի պէտք է դիմէ իր շրջանի ոստիկանութեան։ Նոր պայմանաժամ պիտի չտրուի։