Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան Զ. տարեդարձին առթիւ, Փետրուարի վերջաւորութեան, հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան Տաճատ արքեպիսկոպոսին եւ միաբանութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ դպրեվանուց ուսուցչական կազմին եւ ուսանողութեան:

Հանդիսութիւնը սկսաւ վեհափառին ձօնուած «Ի վեհ բարձանց» երգով, որմէ ետք յանուն դպրեվանուց ուսանողութեան՝ Յարութիւն սրկ. Թոփճեան կարդաց ուղերձ մը՝ շնորհաւորելով վեհափառը: Ապա խանդավառ մթնոլորտի մէջ երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն, որմէ ետք յանուն միաբանութեան, թեմակալ առաջնորդներուն եւ ի մասնաւորի Բերիոյ թեմին՝ խօսք առաւ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ անդրադառնալէ ետք ընտրութեան պարագաներուն, վեր առաւ Աթոռիս սրբազան հայրապետին արժանիքները՝ որպէս եկեղեցական գերագոյն պետի, որպէս ազգասէր, հայրենասէր եւ եկեղեցասէր առաջնորդի: Հուսկ, ապա իր պատգամը տուաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոս ու վերջանալով ըսաւ.- «Ի սրտէ կ՛աղօթեմ, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլոր գործերուն վրայէն, աճի ու բազմանայ մեր սիրելի միաբանութեան թիւը եւ կարենանք արդիւնաւորապէս ծառայել մեր Աստուծոյն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայոց ժողովուրդին: Ու, ինչպէս կը կրկնէի 1956-ի դժնդակ օրերուն, կ՛ըսեմ նոյնը եւ այսօր. «Եթէ Աստուած ի մեր յոյս է, ո՞վ իցէ մեզ հակառակ»:

Միայն անցեալ տարի գէշ տեսակի հացին քանակը Երեւանի մէջ եղած է 21.336 քիլօ։ Բազմաթիւ հացի գործարաններ, վատ տեսակի հաց կþարտադրեն, օրինակ, հացի թիւ մէկ գործարանին արտադրած 16.589 քիլօ հացին 10.482 քիլոն մէկ կողմ նետուած է։ Մէկ տարի առաջ որոշում տրուած է «լաւաշ» հացին արտադրութիւնը 10-15 թոնէն բարձրացնել 25-30 թոնի, որպէսզի կարելի ըլլայ բաւարարել երեւանցիներու պահանջը։ Հակառակ այս որոշումին եւ ձեռք առնուած միջոցներուն՝ «արտադրուած լաւաշի քանակութիւնը մնացել է նոյնը»։