Փետրուար ամսուան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Ֆիքսի «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբը կազմակերպեց երկու ձեռնարկներ- մին՝ միջանդամական իսկ միւսը՝ հրապարակային- որոնք պսակուեցան յաջողութեամբ։
Միջանդամական ձեռնարկը գրական հաւաքոյթ մըն էր, նուիրուած՝ Լեւոն Շանթին։ Տեղի ունեցաւ տէր եւ տիկին Յ. Սվազլեաններու տան մէջ։ Լեւոն Շանթի կեանքին ու գործին մասին խօսեցաւ ընկեր Նուպար Աճէրեան, որու դասախօսութիւնը հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Դասախօսութենէն վերջ, կարդացուեցան Լեւոն Շանթի քերթուածներէն երկու կտոր ու գրական մասը վերջացաւ «Լիճին մէջ նաւակը» երգով, որ երգուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ եւրոպական պարերով, խաղերով եւ զանազան կատակաբանութիւններով ու զուարճախօսութիւններով։ Ներկաները հիւրասիրուեցան թէյով ու զանազան անուշեղէններով։ «Յառաջ Նահատակ»ով փակուեցաւ հաւաքոյթը եւ ներկաները մեկնեցան զուարթ տրամադրութեամբ։ Երկրորդ ձեռնարկը՝ «Թիւ 5 խելագարը» կատակերգութեան ներկայացումն էր։ Երկար աշխատանքի արդիւնք էր այս ձեռնարկը։ Բոլոր դերակատարներն ալ յաջող կերպով կատարեցին իրենց դերերը։ Այսպէս Գրիգոր Դերձակեան, Պետրոս Պարսամեան, Խաչիկ Աղապապեան, Յովհաննէս Փափազեան, Ռուբէն Չաքալեան, Կարօ Ասատուրեան, Վահրամ Դանիէլեան, Գէորգ Մինասեան, Օննիկ Հարոնեան, Պօղոս Շամմէս, Աւետիս Ղազարեան, Սառա Ճէրէճեան ապրումով կատարեցին իրենց դերերը ու խնդացուցին հանդիսականները։ Ընկ. Աբրահամ Յարութիւնեան ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս պատրաստած էր բեմազարդերը, ընկ. Օննիկ Օհանեան ստանձնած էր դերակատարներու դիմայարդարումի պաշտօնը, իսկ ընկ. Նուպար Աճէրեան կատարեց յուշարարի պաշտօնը։ Գնահատանքի արժանի են նաեւ խումբի բոլոր անդամները անխտիր, որոնք իրենց կարելին ըրին՝ այս գեղեցիկ ձեռնարկը պատրաստելու համար։ Այս ձեռնարկէն գոյացած հասոյթին կէսը տրամադրուեցաւ Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղին։