Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պէյրութ հրատարակուող «Ջանասէր» երկշաբաթաթերթին համաձայն, այսօր, 59.000 հայ մանուկներ եւ պատանիներ կը յաճախեն 225 հայկական վարժարաններ, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ։

Անոնք ունին նուազագոյն 1500 ուսուցիչներ։ Այս վարժարանները կը գտնուին Պարսկաստանէն՝ Յունաստան, Պոլսէն մինչեւ Եթովպիա։ Նոյն թերթը կը հաշուէ, թէ Խ. Հայաստանի մէջ կան 318.000 հայ աշակերներ, 21.000 հայ ուսուցիչներով։

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է Խաչատուր Աբովեանի երկերու ամբողջական հաւաքածոյին վերջին՝ 10-րդ հատորը։ Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1947-ին՝ Աւետիք Իսահակեանի խմբագրութեամբ։ Ամբողջական գործերուն մէջ ի մի հաւաքուած է մեծ լուսաւորչին ձգած գրական, գիտական եւ մանկավարժական հարուստ ժառանգութիւնը։ Առաջին չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած են Աբովեանի գեղարուեստական արձակ երկերը, ինչպէս նաեւ անոր կատարած թարգմանութիւնները Հոմերոսէն, Կէօթէէն, Շիլլերէն, Կռիլովէն եւայլն։ Միւս հատորներուն մէջ տեղ գտած են անոր պատմա-ազգագրական յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները, մանկավարժական գործերը եւ դասագիրքերը, օրագրութիւնները եւ ուղեգրութիւնները, նամակները։ 10-րդ հատորին նիւթերը պատրաստուած են Աբովեանի ձեռագիրներուն հիման վրայ, որոնք գրուած են հայերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, քրտերէն եւ ատրպէյ- ճաներէն եւ կը գտնուին Երեւանի, Լենինկրատի, Թիֆլիզի, Տարտուի եւ Գազանի արխիւներուն մէջ։ Յատկապէս հետաքրքրական են «Վէրք Հայաստանի» վէպին տարբերակները, «Ուղեւորութիւն դէպի Անիի աւերակները» խորագրով ռուսերէն ճամբորդական նօթերը, «Գիւղական տների կառուցուածքը» գերմաներէն ազգագրական ուսումնասիրութիւնը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական եւ մշակութային մակարդակը բարելաւելու համար կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը եւ մինչեւ այսօր չհրատարակուած բազմաթիւ ուրիշ գործեր։