Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի վարչութիւնը ամէն տարի գեղեցիկ սովորութեամբ կը կատարէ Նաւասարդեան խաղերու տօնը, եռուզեռ ստեղծելով իր երկսեռ անդամներուն եւ հասարակութեան մէջ։

Այս տարի եւս, տօնը կատարուած է Ռամոս Մեխիայի մարզադաշտին մէջ, հովանաւորութեամբ կաթ.  պատուիրակ գեր. Տ. Բաբգէն եպս. Ապատեանի, որ նաեւ ըրած է թելադրական խօսքեր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատենապետ Պարգեւ Պարսամեանի խօսքէն ետք, սկսած է մարզական տողանցքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խումբերուն։ Կատարուած են նաեւ զանազան մարզական խաղեր։

Մարսիլիոյ զինուորական սպայակոյտի անդամներէն հարիւրապետ Գեղամ Մուրատեան, վերջերս բացառիկ եւ պատուաբեր բարձրացման արժանացած է, ստանալով հազարապետի աստիճան։ Գեղամ Մուրատեան զաւակն է Սասունցի Տ. Մկրտիչ աւագ քահանայ Մուրատեանի, նախկին առաջնորդական փոխանորդ Հալէպի։ 


Մոնմարթի «Սաքրէ-Քէօր» մայր եկեղեցիին մէջ, ի ներկայութեան գերպ. Կարապետ եպս. Ամատունիի՝ բացումը կատարուած է Արեւելեան Ծէսերու վերաբերեալ ցուցահանդէսի մը։ Հայկական բաժնին ճոխութեան իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը բերած են Նուպարեան մատենադարանը եւ Հայկ. Թանգարանը, ցուցադրութիւնը կազմակերպող եկեղեցական յանձնախումբին տրամադրութեան տակ դնելով բազմաթիւ արժէքաւոր իրեղէններ, հայ ծէսի առընչութեամբ։

Գ. Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչ պրն. Գեղամ Ֆէնէրճեան, այցելած է Նոր Ջուղա, հետաքրքրուելով ազգային հաստատութիւններով։ Այցելած է նաեւ Սպահանի համալսարանին մէջ նորահաստատ հայագիտութեան բաժինը, ապա՝ Փերիա գաւառի հայկական հիւանդանոցը։ Պ. Ֆէնէրճեան տեսած է Բերիոյ շրջանի հայկական դպրոցներու խղճալի վիճակը եւ նօթագրած իր տպաւորութիւնները։