Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ 1921-ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնը՝ նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդակաց Միութեան «Դանիէլ Վարուժան» խումբին եւ

մասնակցութեամբ՝ «Սողոմոն Թեհլիրեան» պատանեկան խումբին, որոնց կողմէ գեղեցկօրէն յարդարուած էր սրահը։ Պատերուն վրայ կþերեւային օրուան իմաստը խոր-հրդանշող վերտառութիւններ եւ նշանաբաններ։ Օրուան նախագահ ընկ. Յակոբ Աբէլեան, հակիրճ խօսքերով հանդէսը բանալով, բացատրեց թէ ազգային ի՜նչ մեծ աղէտ մը կանխուեցաւ Փետրուարեան համաժողովրդական յեղափոխութեամբ։ Ան բաղդատական մը ընելով Վարդանանցի եւ Փետրուարեան ապստամբութեան միջեւ, շեշտեց թէ՝ երկուքն ալ հաւասարապէս փառապանծ դրուագներն են մեր գոյամարտին։ Ապա՝ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը ազատութեան ի խնդիր զոհուած հերոսներուն։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որու ընթացքին շատ յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ օր. Շաքէ Կուսիկեան եւ Յակոբ Գասապեան։ «Դանիէլ Վարուժան» խումբէն ընկ. Վահէ Աւետիեան կարդաց ներշնչուած ուղերձ մը, որ արժանացաւ խանդավառ ծափերու։ Նախագահ ընկերոջ հրաւէրով բեմ եկաւ օրուան բանախօս՝ ընկ. Լեւոն Ճլկունի, որ շեշտեց թէ՝ ոչ մէկ պարկեշտ հայ կրնայ ուրանալ Փետրուարեան ապստամբութեան բարերար հետեւանքները։

Լոնտոնի Վուլիչ Գոլէճի Հայ Ուսանողական Միութիւնը, գոլէճի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրած է «Արմենիա» ժապաւէնը։ Ներկայ եղած են կարեւոր թիւով ուսանողներ։ Գոլէճին շաբաթաթերթը՝ «Փոլի Նիւզ» անդրադարձած է ցուցադրուած ժապաւէնին եւ վեր առած հայ ուսանողներու գործունէութիւնը՝ գոլէճէն ներս։ Ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է նաեւ դասախօսութիւն մը, խօսելու հրաւիրելով պրն. Եդուարդ Կիւլպէնկեանը։