Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայ ազգը հռչակաւոր դէմքեր տուած է գիտութեան եւ մասնագիտական գրեթէ բոլոր ճիւղերուն՝ մէջն ըլլալով օդանաւորդութեան ասպարէզը:

Անունի եւ համբաւի տիրացած դէմքեր են Խորհ. Միութեան «Միկ» օդանաւերու գլխաւոր հնարիչը՝ փրոֆ. Արտեմ Միկոյեան, «Դուրբոլոտ» օդանաւին ստեղծիչը՝ Ա. Ռաֆայէլեանց, օդանաւեր շինողներ եւ գիտնականներ՝ Պ. Ղազանչեան, Գ. Նազարեան, Մելիք- Փաշայեան եւ ուրիշներ: Սակայն հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտնականներ տուած է օդանաւորդութեան ասպարէզին, այլեւ՝ բազմաթիւ տաղանդաւոր ճարտարագէտներ, օդանաւորդներ եւ այլն, որոնցմէ շատերը աշխարհի ախոյեաններ են: Օդանաւորդութեան մէջ համաշխարհային առաջին չափանիշը սահմանուեցաւ 1925-ին: Նախատիպ պատրաստողներու հայկական խումբը, որուն կազմին մէջ էին՝ Ա. Դաւթեան, Ռ. Բաբայեան, Ա. Գասպարեան եւ ուրիշներ, օդանաւերու նախատիպերու Խորհ. Միութեան մրցումներուն գրաւեց առաջին տեղը եւ սահմանեց երեք մրցանիշ: Նոյն թուականին Երեւանցի Ալեք Դաւթեան սահմանեց օդանաւերու նախատիպերու թռիչքի հեռաւորութեան եւ տեւողութեան Խ. Միութեան երկու նոր մրցանիշ: Այս ձեւով յաջողեցաւ մէկ անգամէն իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնել երկու համաշխարհային մրցանիշ, որոնք կը պատկանէին Մ. Նահանգներուն եւ Գերմանիոյ: Այդ օրերուն հայ մեծ գեղանկարիչ Ի. Այվազովսկիին թոռը՝ օդանաւերու ճարտարագէտ, սաւառնորդ (փլաներիսթ) եւ օդաչու կոնստանդին Արցուելով սեփական շինութիւններու ծրագիրներով նուաճեց համաշխարհային շարք մը մրցանիշեր: Աւելի քան կէս դար ծառայած է օդանաւորդութեան ասպարէզին մէջ եւ մեծ օգտակարութիւն ունեցած է իբրեւ օդանաւեր եւ սաւառնակներ շինող: Համաշխարհային հռչակաւոր մրցանիշեր հաստատողներու շարքին կը պատկանի փորձարկող օդաչու Ռաֆայէլ Գաբրիէլեան, որ իր գործունէութիւնը սկսած է օդանաւերու նախատիպերու մէջ, եղած է սաւառնորդ, ապա դարձած է օդաչու-ճարտարագէտ: