Պէյրութի մէջ հրատարակուող Բագին գրական-գեղարուեստական ամսագրի Փետրուարի թիւին մէջ յունահայ տաղանդաւոր երգչուհի՝ տիկին Ծաղիկ Գազանճեանի մասին գրուած է յօդուած մը, ուր ի միջի այլոց կ'ըսէ.-
Հոգիներու յուզում բերող՝ տաք ու գունագեղ ձայն մը, զգայուն երանգաւորումներով։ Արուեստագէտի ճակատագրին իրագործումը՝ օտար երկիքներու տակ հասակ նետող բոլոր հայ արուեստագէտներու ճակատագրին պէս, իր հայութեան դէմ ցցուող խոչընդոտներ զօրեղ անհատականութեամբ եւ արուեստի պաշտամունքով յաղթահարողներէն մէկը, երգի այս մենակատարուհին։ Փոքր տարիքէն՝ Աթէնքի Ազգային երաժշտանոցին մէջ, նախ՝ դաշնակ, ապա ձայնամարզում եւ երաժշտագիտութիւն, ամբողջ տասնամեակ մը, ուսուցչուհի ունենալով հելլէն՝ Պութուն։ Կþաւարտէ 1956-ին։ Տարի մը վերջ կատարելագործումի եւ նոր նուաճումի ալիքը կը նետէ զինք Հռոմ, Սանթա Ցիցիլիա երաժշտանոցը, շուրջ տարի մը, ուր կը հետեւի մաէսթրօ Ռիչչիի դասերը։ Աթէնք վերադարձին՝ Պետական Օփերայի բեմին վրայ, Փուչինիի դերակատարութիւն կ'ունենայ։ 1958-էն ասդին՝ հինգ երգահանդէս միջազգային եւ մէկ երգահանդէս՝ ազգային յայտագրերով, տուած է Յունաստանի մէջ։ Պէյրութի մէջ իր առաջին երգահանդէսը՝ (Ուէսթ հոլ, Դեկտ. 27, 1961) եղաւ իր համբաւը հաստատող հոգիներու նուաճում մը եւ ազգային հպարտութիւն մը։
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի Փետրուար 1-ի թիւին մէջ կը կարդանք.- Կը տեղեկանանք թէ՝ պիւտճէի վիճաբանութիւններու ընթացքին, Ատալէթ կուսակցութեան հայ սենաթէօր պրն. Պերճ Թուրան առաջարկած է որպէսզի պիւտճէի մէջ 100.000ական ոսկիի յատկացումներ կատարուին հայ եւ յոյն փոքրամասնութեանց։ Պիւտճէի յանձնաժողովը նկատի ունեցած է այդ առաջարկը, բայց, նկատելով որ այս տարուան պիւտճէի նախատեսութիւններուն մէջ նման գլուխ մը գոյութիւն չունի, որոշած է գալ տարիէն սկսեալ կառավարութեան կողմէ առաջարկ ներկայացնել եւ կատարել այդ յատկացումները։