Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Քլիվլենտէն (Ամերիկա) կը գրեն «Հայրենիք»-ի.- Մեր նոր սերունդի խոստմնալից ուժերէն փաստաբան Աբրահամ Մեսրոպեան Յունուար  3-ին դատախազ նշանակուեցաւ: Բժշկուհի Աննա Ասլան, Պուքրէշի համալսարանի ծերաբուժութեան հաստատութեան տնօրէնուհին եւ գիւտարարը «Փրոքային»ի

ներարկմամբ երիտասարդացման մեթոտին, Պոնն եւ Լոնտոն հրաւիրուած է՝ «ստիպողական խորհրդակցութեան մը համար»: Հակառակ որ բժշկական մեծ կազմակերպութիւնները դատապարտած են իր մեթոտը, կը թուի, թէ Ատենաուըրի եւ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլի անձնական բժիշկները չեն բաժներ տոքթ. Աննա Ասլանի հանդէպ ստեղծուած յոռետեսութիւնը:

- Արժանթինի Ալթա Կրասիայի Արամ Խաչատուրեան ազգային վարժարանին համար գնուած շէնքին բացման արարողութիւնը կատարուած է մեծ շուքով: Ներկայ գտնուած են կաթ. պատուիրակ Բաբգէն եպս. Ապատեան, հոգեւորական հայրեր, Քորտոպայի հայ գաղութային միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը: Կնքահայր եղած է Խաչիկ Թոփալեան, որ այդ առթիւ դպրոցին նուիրած է 50,000 փեսօ: Սրբազան հայրը, յետոյ, օրհնած է դասարանը, գրադարանի յատկացուած սրահը եւ կնքահօր նուիրած է մագաղաթ մը: Դպրոցին տնօրէնուհին‘ Ալիս Եզեկիէլեան բացատրած է ձեռնարկին նպատակն ու նշանակութիւնը: Յայտագրին աւարտէն ետք հանդիսականները անցած են շէնքին ետեւի բակը, ուր կը գտնուի Արամ Խաչատուրեանի տնկած ձիթենիի ծառը, ուր պատրաստուած էին ճոխ սեղաններ:

 - Երեւանի թերթերը գոհունակութեամբ եւ արդար հպարտանքով կը հաստատեն հայ             ոսկերիչներուն փայլուն յաջողութիւնները միջազգային տօնավաճառներուն մէջ: Հայկական զարդերը, ոսկիէ կամ արծաթէ, մեծապէս գնահատուեցան անցեալ տարի թէ՛ Մոնրէալի (Քանատա) եւ թէ՛ Մոսկուայի միջազգային տօնավաճառներուն մէջ: