Տիկին Մալխասի Միացեալ Նահանգներ վերադարձի առթիւ, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ վաստակաւոր գրագէտ Մալխասի նուիրուած յիշատակի ոգեկոչումի հաւաքոյթ մը,
Շաբաթ, 20 Յունուարի երեկոյեան, Ճեմարանի «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Նկատի ունենալով պարագաները, հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի մասնաճիւղերու եւ թատերասէրներու միութեան վարչութեանց եւ ճեմարանի ուսուցչական կազմին: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող տիկին Գասպար Իփէկեան: Ոգեկոչելով անհետացած վաստակաւոր գրագէտին յիշատակը՝ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան ներկաները հրաւիրեց արտայայտուելու Մալխասի եւ անոր գրական վաստակին մասին: Բոլոր խօսողները շեշտեցին նաեւ տիկին Մալխասի դերը՝ Մալխասի գրական աշխատանքներու մէջ: Վերջին խօսքը տրուեցաւ տիկին Մալխասի, որ ըսաւ. «Մալխասի եւ իմ տարիներու երազը եղած էր այցելել Լիբանան: Ան եկաւ 1956-ին. ինծի դժբախտաբար չվիճակուեցաւ այդ բախտը՝ քաղաքական դէպքերու բերումով: Հիմա ահաւասիկ երկուքս ալ հոս ենք… «Մալխասի հանդէպ ձեր ցոյց տուած յարգանքն ու համակրանքը՝ թէ՛ այդ շրջանի ձեր կազմակերպած հանդիսաւոր յոբելեանով եւ թէ՛ ներկայ փառաշուք յուղարկաւորութեամբ, զիս ծայր աստիճանի երախտապարտ կը ձգեն ձեզի, Պէյրութի եկեղեցական եւ ազգային մարմիններուն ու հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս: «Որքան ալ ինծի համար դժուար ըլլայ անոր մարմինը ձգել այս հեռաւոր ափերը, հեռու՝ իր հարազատներէն եւ հակառակ մեր որոշումին, ի յայտ եկած ընդհանուր գուրգուրանքը յուզումով կը համակէ զիս եւ ես տեղի կու տամ: Ան առ այժմ կը մնայ հոս, ձե՛ր մէջ, ձե՛ր գուրգուրանքին առարկայ: Թերեւս ի՛ր ալ ներքին փափաքը այդ՝ եղած ըլլայ, որ այնքան աճապարանք ունէր եւ հեւ ի հեւ եկաւ Լիբանան»: Ս. Վրացեան իր փակման խօսքին մէջ բոլորին կողմէ բարի ճանապարհ մաղթեց տիկին Մալխասին: