Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մարմարա» (17 Յունուար) կը գրէ.- Այս առաւօտ ժամը 11:00-ին Շնորհք պատրիարք Գալուստեան, ընկերակցութեամբ Արամ քահանայ Պասմաճեանի, Կարապետ Ղազարեանի եւ    Եդուարդ Պեզազի, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, այցելեց քաղաքիս կուսակալ  զօր. Ռեֆիք Թուլկայի եւ մօտ կէս ժամ շատ սիրալիր տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ:

Պատրիարքարանի կողմէ այդ առիթով հրատարակուած պաշտօնական զեկոյցի մը համաձայն, պատրիարքը հետաքրքրուած է Արեւելեան Անատոլուի մէջ տիրող ուտելիքի տագնապով, եւ իր կողմէ այդ նպատակին համար որոշ գումար մը յանձնած է կուսակալին: Յետոյ պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ թրքահայութեան, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք իր կարողութեան համաձայն մասնակցի հանգանակութեան:

Աշխարհահռչակ երգչուհի Զարուհի Դոլուխանեան 1962-ի մօտերս Ամերիկա կը հասնի Ս. Հուրոք ընկերոթեան նախաձեռնութեամբ երգահանդէսներ տալու զանազան քաղաքներու մէջ: Նիւ Եորքը առաջին հիւրընկալողը պիտի ըլլայ մեծանուն երգչուհիին, որովհետեւ առաջին երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Քառնեկի հոլ»-ին մէջ, Յունուար 26, Ուրբաթ  երեկոյ ժամը 8:45-ին, Լոս Անճելըս: Նիւ Եորքի երաժշտասէր հասարակութիւնը, որ երկու տարի առաջ «Թաուն հոլ»ի ու «Քառնեկի հոլ»ի զոյգ երգահանդէսներուն ունկնդիր եղաւ Դոլուխանեանի երգերուն, մեծ անհամբերութեամբ կը սպասէ 26 Յունուարին, որովհետեւ այդ միակ երգա- հանդէսն է Դոլուխանեանի:

Երուսաղէմի մէջ ամսոյս 18-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ տօնուեցաւ Ս. Ծնունդը:  Ինչպէս հաղորդուած էր, Քրիստոսի ծննդեան վայրին մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնները ձայնասփռուեցան Յորդանանի ձայնասփիւռի կայանէն: Խօսնակը նախ արաբերէնով, յետոյ անգլերէնով եւ հայերէնով բացատրեց օրուան արարողութեան իմաստը: