Հռոմի հայ գաղութը Դեկտեմբերի վերջին օրը նշած է հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մահուան 50-ամեակը: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք վարժարանի ընդարձակ դահլիճին մէջ սկսած է հանդիսութիւնը:
Բացումը կատարուած է «Ես իմ անուշ Հայաստան»ով, որ երգած են Լեւոնեան-Մխիթարեան հաստատութեանց երիտասարդ ժառանգաւորները: Յարութիւն Էվերեկլեան կենսագրական ծանօթութիւններ տուած է: Արտասանուած է Ալիշանի «Առ ոգին հայաստանեայց» հայրենաշունչ քերթուածը: Քառաձայն երգուած է Ալէմշահի «Ոհ դու բարեկամը»: Գաբրիէլ Սահակեան ըրած է Ալիշանի բանաստեղծական վերածումը: Փակման խօսքը ըրած է մեծաւորը՝ Ներսէս ծ. վարդապետ:
Պոլսոյ «Ժուռնալ տ՛Օրիան» թերթին մէջ Պ. Սը Սիսով անուն յօդուածագիր մը մեծանուն արուեստագէտ Պետրոս Ադամեանի կենսագրական գիծերը կու տայ՝ առնելով ծանօթ բեմադրիչ Աշոտ Մատաթեանի «Իսթանպուլի համայնագիտարանին» տուած տեղեկութիւններէն: Յօդուածագիրը այս առթիւ վեր կը հանէ, որ մեծանուն ողբերգակ Պետրոս Ադամեան անցեալ դարուն վերջաւորութեան մեծ ծառայութիւններ մատոյց Թուրքիոյ բեմին:
Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն.- Ֆրանց Վերֆելի սքանչելի վէպը՝ «Մուսա լերան քառասուն օրերը», կրկին հրապարակի վրայ է: «Նիւ Եորք փոսթ»-ի գրաԽօսը կը ներկայացնէ այս գործը՝ իբրեւ լաւագոյն վէպը վերջին երեսուն տարուան ընթացքին: Թերթը կը գրէ. «Հայկական գիւղի մը հերոսական պայքարը թուրքերուն դէմ»:
Ուիլիըմ Սարոյեան կրկին Ֆրանսա մեկնեցաւ: Լրագրողներուն յայտնեց, թէ իր դժուարութիւնները ամերիկեան կառավարութեան հետ շուտով պիտի կարգադրուին, եւ նոյնիսկ յաջորդ եղանակին թատրերգութիւն մը պիտի բեմադրէ Պրոտուէյի վրայ: