Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Բազմաթիւ հնդիկներ ահ ու սարսափի մէջ կ՛ապրին, որքան կը մօտենայ Փետրուար ամիսը, որովհետեւ երկրին աստղագէտները, գուշակած են, որ ահաւոր աղէտներ պիտի պատահին յառաջիկայ ամիս:

Արդարեւ, Փետրուար 5-ին պիտի պատահի ութ մոլորակներու չափազանց հազուադէպ շաղկապում մը եւ արեւի խաւարում մը: Աստղագէտներուն համաձայն, վերջին անգամ եօթը մոլորակներ շաղկապուած են նախա- քրիստոնէական շրջանին: Այդ շրջանին է, որ պատահեցաւ մեծ պատերազմը, որմէ  ծնունդ առաւ «Միզոքոնար» դիւցազնավէպը: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ մեռան Քարուքշեթրայի ռազմադաշտին վրայ, որ Նոր-Տելհիէն 80 քմ. հեռու կը գտնուի: Այս նշանաւոր  դիւցազնավէպին մէջ է, որ կը գտնուի հռչակաւոր «Պաղվա»ն, բոլոր հնդիկներուն կրօնական քերթուածը, որ հիմնուած է իմաստութեան վրայ: Կարգ մը աստղագէտներ մինչեւ իսկ կը նախատեսեն աշխարհի վախճանը Փետրուար 5-ի համար: Հարցը այնքան լուրջի առնուած է, որ 1959-ին արդէն «Ասթրոլոճիքըլ Մեկըզին»ը Պենկալարի մէջ կազմակերպած էր դասախօսութիւն մը՝ «Ութ մոլորակներու շաղկապման եւ համաշխարհային հարցեր»ու մասին: Ընտրական վերջին ճառերու ընթացքին, Հնդկաստանի վարչապետ Նեհրու ակնարկած էր այդ գուշակութիւններուն եւ՝ ըսած թէ չի հաւատար, որովհետեւ Հնդկաստանի ճակատագիրը իր զաւակներու ձեռքին մէջ կը գտնուի: Բայց այս խօսքերը արգելք մը չեն, որ բազմաթիւ հնդիկներ վախնան: Արդէն իսկ բոլոր աղէտները, ինչպէս երեք օր առաջ Փերուի մէջ պատահածը, կը վերագրուին այս շաղկապման եւ կը նկատուին ահաւոր նախանշաններ: Մինչեւ հիմա միակ օգտուողները աստղագէտներն են, որոնք ոսկի կը կտրեն։