Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հինէն ի վեր հայ գիտնականները կարեւոր  նպաստ մը բերած են ռուս գիտութեան: Դեռ անցեալ դարու վերջերուն եւ մեր դարուն սկիզբը ռուս գիտութեան մէջ համբաւ վայելող անուններ էին, ի շարս այլոց, գիտութիւններու համառուսական ակադեմիայի թղթակից – անդամ, երկրաբան Անդրէաս Արծրունի եւ ծանօթ հայ երգահան Ալ. Սպենդիարեանի եղբայրը՝ Լէոնիտ Սպենդիարեան:

Արծրունիի գիտական գործունէութեան դափնեպսակը եղաւ քիմիական տարրերու համաձեւ (իզոմորֆ) տասը շարքերու հաստատումը: Ակադ. Կարպենսկիի աշակերտ Լ . Սպենդիարեան մասնակցեցաւ երկրաբանութեան ութերորդ միջազգային համագումարէն առաջ կազմակերպուած Ուրալեան արշաւախումբին, իսկ անկէ առաջ մասնակցեցաւ Ցիւրիխի համագումարին եւ կը թողու կովկասեան ծովային ոզնիներուն նուիրուած արժէքաւոր հետազօտութիւն մը: Հայ գիտնականին մահէն  ետք իր անունով մրցանակ սահմանուեցաւ երկրաբանական լաւագոյն աշխատութեան համար: 1900-ին, 8րդ համագումարին, Փարիզ, առաջին անգամ Սպեն-դիարեանի մրցանակը ստացաւ Կարպինսկի, այլ խօսքով՝ հայ գիտնականին ուսուցիչը: Խորհըրդային իրականութեան մէջ եւս հայ գիտնականները շարունակեցին իրենց նպաստը բերել ռուս գիտութեան: Այս պատկառելի գիտնականներուն շարքին կը պատկանին յայտնի երկրաբան Վարդան Նաւակատիկեան, ճանչցուած՝ Վարդան Լոդոշնիկով անունով, իր բիւրեղեայ-տեսողութեան հետազօտութիւններով յայտնի Լեւոն Վարդանեանց եւ երկրաբնագիտութեան հարցերու մասնագէտ Նիքոլայ Խիտարով (Մխիթարեան), որ արժանացած է Խ. Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի ամէնէն բարձր պարգեւին՝ Վերնադոկի մրցանակին: Վերջապէս, ռուս գիտութեան իր կարեւոր  նպաստը բերած է Փաւլովի աշակերտը՝ ակադեմական Լ. Օրբէլի, վաթսուն տարի ապրելով եւ գործելով Լենինկրատի մէջ եւ հիմը դնելով բնախօսներու միջազգային դպրոցին: Չմոռնանք աւելցնելու Վ. Համբարձումեանին անունը՝ իր բերած կարեւոր նպաստին համար: