Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Խորէն արք. Բարոյեան բարեջան առաջնորդ հայոց Լիբանանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ անոր զաւակներուն, եկեղեցւոյս տօնին առիթով, 14 Յունուար 1962 Կիրակի օր:

Առտուան ժամը 8:00-ին, թաղականութեան անդամները, թաղի  միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները պատշաճ ընդունելութեամբ սրբազան հայրը առաջնորդեցին եկեղեցի: Թաղի երկայնքին դէմ առ դէմ շարքի կեցած էին Ազգային Թորգոմեան վարժարանի աշակերտները: Օգնութեան Խաչի արծուիկները եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, որոնք որոտընդոստ ծափերով օդը կը թնդացնէին: Հանդիսաւոր Ս. պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Վահան քահանայ Ղազարեան, սրբազան առաջնորդ հայրը խօսեցաւ յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը: Ս. Յարութեան պատկերին օծումէն ետք հինգ պատանիներու դպրութեան օծումը եւ անոնցմէ երեքին ուրարի տուչութիւնը կատարեց: Մատաղի օրհնութենէն յետոյ Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ հիւրասիրուեցան սրբազան հայրը, եկեղեցական հայրեր, ազգային երեսփոխաններ, թաղիս կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները եւ վարժարանի ուսուցչական կազմը: Ոգեւոր մթնոլորտի մէջ սրբազան հայրը մաղթեց, որ օր մը հայրենիքին մէջ հա- ւաքուինք բոլորս ալ, մեր հայկական դիմագիծը պահած, դրուատեց հայ երիտասարդութիւնը մատնանշելով անոր կարեւորութիւնը՝ իբրեւ մեր ազգին ապագան: Արտաշէս Տ. Խաչատուրեան թաղականութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ յարգելի հիւրերուն, որոնք պատուեցին Հայաշէնի հայութիւնը իրենց այցելութեամբ: Թաղականութեան, թաղիս կազմակերպութիւններու եւ Հայաշէնի հայութեան կողմէ վարժա- րանիս ուսուցչուհիներէն Մարի Սարգիսեան կարդաց ուղերձ մը: Թորգոմեան վարժարանի տնօրէն Խորէն Մղտեսեան ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր ի պատիւ սրբազան հօր եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն: