Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Սաթենիկ» խումբն ալ հետեւելով իր երէց ընկեր-ընկերուհիներու օրինակին՝ կազմակերպեց հետեւեալ ձեռնարկները.- Դեկտեմբեր 4ին, ընկ. Հայկուհի Դաքէսեանի տունը հաւաք՝  ոչ միայն խումբի անդամուհիներու այլ նաեւ Ֆիքսի շրջանին մէջ ապրող ուրիշ հայուհիներու համար, որոնց առիթը տրուեցաւ մօտէն ճանչնալու «Սաթենիկ» խումբը եւ անոր գործունէութիւնը:

Գործադրուեցաւ խումբին կողմէ պատրաստուած յայտագիր մը: Մէջ ընդ մէջ տեղի ունեցան ներկաներու տարիքին յարմար զանազան խաղեր: Ստեղծուած զուարթ մթնոլորտին մէջ, շատ շուտ անցան ժամերը եւ մեր կրտսեր ընկերուհիները ցրուեցան «Յառաջ նահատակ»ը երգելէ վերջ: Յունուար 2-ին, խումբը այցելեց Զափիոնի սրահներուն մէջ կազմակերպուած «Մանկական Ծնունդ» ցուցահանդէսը, ապա ներկայ գտնուեցաւ Ամանորի կարկանդակի բաշխումին, որ կատարուեցաւ Կրթական նախարարութեան տնօրէնին կողմէ: Այս այցելութեան ընթացքին, խումբի անդամուհիները շփման մէջ մտան յոյն դպրոցական տղոց հետ, որոնք  ուզեցին հասկնալ թէ՝  ի՞նչ ազգութեան կը պատկանին: Յունուար 5-ին, «Սաթենիկ» խումբի անդամուհիներն ալ այցելեցին հայ ընտանիքներու տուները եւ աւետեցին Քիրոստոսի ծնունդը: Այս, ինչպէս նաեւ նախորդ ձեռնարկները, պսակուեցան յաջողութեամբ եւ աւելցուցին ընկերուհիներուն եռանդը:  (Վերջ)

Աղեքսանտրուպոլսոյ հայութիւնը Քրիստոսի ծնունդի խթման գիշերը, ընդունեց Հ. Գթ. Խաչի երգչախումբի անդամ-անդամուհիները  իր տուները, Քրիստոսի ծնունդը աւետելու համար:  Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս այցելեցին քաղաքապետ պ. Պեցոսի բնակարանը, ուր ընդունուեցան անխառն սիրով եւ արժանացան ջերմ հիւրասիրութեան: Հ. Գթ. Խաչի տիկիններն ու վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին այս տարուան «Աւետիս»էն գոյացած գումարը յատկացնել տեղւոյս նորակառոյց «Եոաքիմիոն» ծերանոցին: