Ծնունդի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցած են Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն եւ Կեսարիոյ եկեղեցիին մէջ: Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցիին մէջ իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է նորընտիր պատրիարքը:
Բազմահազար ժողովուրդ մօտաւոր եւ հեռաւոր թաղերէ հետեւած է արարողութեանց: Կէսօրէ վերջ պատ- րիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուած են Սուրէն եպս. Քեմհաճեան, վարդապետներ, քահանաներ եւ թաղային ներկայացուցիչներ: Օրթոտոքսներու Տիեզերական պատրիարք Աթինակորաս իր հետեւորդներով այցելած է պատ- րիարքարան եւ ընդունուած՝ պատիւներով: Այցելած են նաեւ հայ կաթողիկէ վիճակաւորը, Մխիթարեան հայրեր, Փորթուգալի հիւպատոսը եւ ուրիշներ: Աթենակորաս պատրիարք իր շնորհաւորութիւնները ներկայացնելէ վերջ ոգեկոչած է Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեանը եւ աղօթած՝ անոր հոգւոյն համար: Շնորհք պատրիարք պատասխանելով՝ շնորհակալութիւն յայտնած է: Համայնքային մարմինները ընդունելով՝ պատրիարքը ներկայացուցած է իր ծրագիրը եւ գլխաւոր մտահոգութիւնները, որոնք ամփոփած է հետեւեալ կէտերու մէջ: Առաջին պատրիարքարանը օժտել բնականոն կազմակերպութիւններով եւ վարչական մարմինով: Երկրորդ՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ վերցնել միջնակարգի բաժինը եւ ձգել միայն լիսէն եւ ընծայարանը. Երրորդ՝ այս տարի տօնել պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակը:
Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը տէր դարձաւ ծանօթ դերասան Վաղարշ Վաղարշեանի անձնական դիւանին: 3500-է աւելի դիւանը կազմող նիւթերը կը պարունակեն արուեստագէտին նամակները, խաղացած դերերուն մեքենագրուած բնագիրները, յօդուածներ, սղագրութիւններ, ծանուցումներ, գիրքեր եւ այլն: Դիւանին մէջ կան նաեւ 24 թատերախաղեր եւ բեմադրութիւններ, որոնց մէկ մասը՝ անտիպ: