Դերասանուհի Հայկուհի Խտըշեան-Լա Շասանեը ծանօթ է փարիզահայութեան իր բեմական փայլուն գործունէութեամբ: Արդարեւ, երիտասարդ դերասանուհին ամէն անգամ ալ իր մասնակցութեամբ յաջողած է բարձրացնել որակը փարիզահայ բեմին վրայ տրուած ներկայացումներուն:
Հաճոյքով կը տեղեկանանք, թէ մեր տաղանդաւոր հայրենակցուհին, որ մուտք գործած է արդէն ֆրանսական թատրոն՝ Նաթալի Քերժան անունով, այս անգամ, վերջին անցնող ամիսներուն ֆրանսական «Պարէ» թատերական խումբին հետ, որուն գլուխը կը գտնուի «Քոմետի ֆրանսեզ»-ի դերասանական կազմի նախկին անդամներէն մեծանուն դերասան Ժան Տաւի, թատերական շրջապտոյտ մը կատարած է Ֆրանսայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ՝ ստանձնելով Քոռնէյի «Պողիկտոս Հայկազն» (Փոլեոտքթ) ողբերգութեան կանացի գլխաւոր դերը՝ Փոլին: Յառաջիկայ Յունուարին Հայկուհի Խտըշեան հրաւիրուած է Զուիցերիա, ուր կարգ մը քաղաքներու մէջ պիտի մասնակցի ֆրանսացի ծանօթ թատերագիր Միշել Տիւրանի «Անկեղծօրէն» (Սենսըրըման) թատերախաղին ներկայացման՝ ստանձնելով խաղին հերոսուհիին դերը:
Նիւ Եորքէն Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ.- Կը տեղեկանանք, որ Ամերիկա պիտի այցելեն խումբ մը հայ գրագէտներ. ասոնք կու գան Հայաստանէն՝ իբրեւ խորհրդային զբօսաշրջիկներ: Ասոնց մէջ կը գտնուին, ըստ մեր ստացած տեղեկութեանց, Նայիրի Զարեան, ինչպէս նաեւ տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Մ. Մարգարեան:
Նիւ Եորքի հայ գրականութեան բարեկամներու միութիւնը տպագրութեան յանձնած է գործ մը՝ «Արամ Հայկազ, կեանքը եւ գործը», նուիրուած մեծանուն գրագէտին: Միւս կողմէ, ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Արամ Հայկազ աւարտած է պատրաստութիւնը նոր գործի մը, որ մօտերս պիտի յանձնուի տպարան: