Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Գթ. Խաչի Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի վարչութիւնը որդեգրած է շատ գեղեցիկ սովորութիւն մը -ամէն տարի, Կաղանդի օրը, սարքել տօնածառի հանդէս մը, պատեհութիւն տալու համար աշակերտներուն, որ վայելեն Կաղանդ Պապային բարիքները եւ քանի մը հաճելի ժամեր անցնեն՝

հայկական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, շրջապատուած՝ իրենց դասընկերներով, ուսուցչուհիներով, ծնողներով եւ Հ. Գթ. Խաչի քոյրերով: Այս տարի եւս հանդէսը տեղի ունեցաւ ամսուն 1-ին, Կաղանդի օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ դպրոցի ամբողջ աշակերտութեան եւ ուսուցչուհիներուն: Ներկայ էին՝ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ղուկաս Աւագ քհնյ. Ֆիլիզեան, Ազգ. Իշխանութիւնը իր ամբողջական կազմով, Կրթ. Յանձնախումբը եւ ստուար թիւ մը ծնողներու եւ երկսեռ կրթասէր ազգայիններու: Հանդէսին բացումը կատարեց Հ. Գթ. Խաչի պատուակալ նախագահ տքթ. Աբրահամ Աբրահամեան, որ նոր տարուան առթիւ սրտագին բարեմաղթութիւններ ընելէ վերջ բոլոր ներկաներուն, վեր առաւ Հ. Գթ. Խաչի կատարած դերը Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն եւ մասնաւորաբար մեր գաղութին մէջ: Գնահատական խօսք ուղղեց ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեանի եւ իր անխոնջ օգնականին՝ տիկին Արմենուհի Աբելեանին, հայ փոքրիկներուն տոհմային դաստիարակութիւն ջամբելու նուիրական գործին մէջ իրենց տարած խիստ գնահատելի աշխատանքին համար: Ապա խօսք առին Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան եւ Կրթական յանձնախումբի կողմէ պրն. Վարազդատ Քիւփճեան, որոնք ծանրացան հայ հոգեկան եւ մտային զարգացման մէջ հայ դպրոցի դերին եւ հայ ծնողներու պարտականութեանց վրայ: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը՝ մանկական սիրուն արտասանութիւններով, խմբերգներով եւ Կաղանդ Պապայի շուրջպարով, որ խանդավառեց ներկաները: Ապա կտրուեցան եւ բաշխուեցան Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց տրամադրած չորս գաթաները: