Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

31 Դեկտեմբերին, Փան Ամերիքընի օդանաւով Նիւ Եորքէն Պէյրութ ժամանեց վաստակաւոր գրագէտ Մալխաս: Օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ գրասէրներու բազմութեան մը կողմէ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ծերունազարդ գրագէտին: Ճամբու յոգնութենէն ակներեւ կերպով պարտասած, Մալխաս օդանաւէն մինչեւ սրահ առաջնորդուեցաւ փոքր կառքով մը: Մալխաս առաջնորդուեցաւ

Օթէլ Նասիոնալ, բայց, դժբախտաբար, վիճակը ծանրացած ըլլալով, փոխադրուեցաւ Սի-Էմ-Սի հիւանդանոցը, ուր 4 Յունուար 1962-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով, իր աչքերը փակեց հայ ազատագրական պայքարներու հաւատարիմ սպասարկուն եւ անկեղծ պատմիչը, որ իր գործով գտած էր հայ ժողովուրդի սրտի ճամբան ու այդ գիւտին շնորհիւ, դարձած էր ամէնէն շատ կարդացուող հեղինակներէն մէկը: Բազմավաստակ յեղափոխական եւ տաղանդաւոր գրագէտ ընկ. Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան) մահուան տխուր առիթով, Յունաստանի կուսակցական բոլոր մարմիններուն եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի խումբերուն համար տասնօրեայ սուգ որոշուած է, հանգուցեալ վեթերան ընկերոջ թաղման օրէն, 9  Յունուարէն սկսեալ մինչեւ 18 Յունուար: Այս ժամանակամիջոցին պէտք չէ կազմակերպուի որեւէ հանդէս կամ հաւաքոյթ, ուր ըլլան երգ, պար եւ այլ զուարճութիւններ:

- Հայ երկրաբաններ գտած են շինանիւթի՝ տուֆի, երկաթաքարի, հրաբխարամի եւ այլ նիւթերու կարգ մը նոր հանքեր: Մեծ ուշադրութեան արժանի է Այրումի (Նոյեմբերեան շրջան)  գաճի հանքավայրը, որ կը բռնէ 20 մինչեւ 30 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Գաճին պարունակութիւնը կը հասնի 80 տոկոսի: Աշտարակի շրջանի Ագարակի վարդագոյն եւ սեւ տուֆի հանքավայրերուն հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ ասոնց պաշարները 17 միլիոն քառակուսի մէթրէն աւելի են: