Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ Դեկտեմբերի մէջ կրօնական փայլուն հանդիսութեամբ մը ոգեկոչուած է մեծանուն պատրիարք եւ ընտրեալ կաթողիկոս Ներսէս արք. Վարժապետեանի մահուան 75-րդ տարեդարձը:

Հանդիսութեանց նախագահած է Պոլսոյ պատրիարքը: Շքեղ ծաղկեպսակ մը դրուած է եկեղեցիին ձախակողմը: Պատրիարքը «Հայր մեր»-էն առաջ քարոզ մը խօսելով՝ ոգեկոչած է մեծանուն պատ-րիարքին յիշատակը:
 


Գ. Գոյեան, առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց հայ թատրոնի 2000-ամեայ պատմութիւնը եւ այս ձեւով հաստատեց, թէ կարելի չէ խօսիլ համաշխարհային թատրոնի ընդհանուր պատմութեան մասին՝ առանց անդրադառնալու աշխարհի ամէնէն հին եւ ինքնատիպ թատրոնին՝ հայկականին: Գ. Գոյեան, որուն ծննդեան 60-ամեակը եւ գիտական մանկավարժական գործունէութեան 40-ամեակը տօնուեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ, ծնած է Թիֆլիս, բժիշկ Յովսէփ Տէր Նիկողոսեանի ընտանիքին մէջ: Գ. Գոյեան գրական ծածկանունը իւրացուցած է հետագային:
Միջնակարգ կրթութենէն ետք կ՛ընտրէ լրագրական ասպարէզը ու կը դառնայ «Փրաւտա»-ի թղթակից: Ատեն մը ետք կը զբաղի թատերագիտութեամբ, նախ հետաքրքրուելով ռուս, ապա զանազան ազգերու թատրոններով ու յաջորդաբար կը հրատարակէ մենագրութիւններ, այս կամ այն թատրոնին նուիրուած արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ: Գէորգ Գոյեանի ամէնէն արժէքաւոր աշխատասիրութիւնը կ՛ըլլայ «Հայ թատրոնի 2000 տարին» երկհատոր գործը, որ, ինչպէս կը գրէ Գ. Զարէեան «Սով. Հայաստան»-ի մէջ, «Հայրենասիրութեան եւ գիտական խիզախութեան հիանալի փաստ է, որով Գ. Գոյեանի անունն անխզելի կերպով կապուեց հայ մշակոյթի պատմութեան հետ»: Տարիներ անընդհատ դասախօսած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ եւ ստացած է արուեստագիտութեան պսակաւորի եւ փրոֆեսէօրի աստիճան: