Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գոքինիոյ Թաղական խորհուրդը մատաղի համեղ միսով եւ հայկական կերակուրներով ճաշասեղան մը տուաւ Թեսաղոնիկէի դպրաց դասի երկսեռ անդամներուն, եկեղեցւոյ կից ազգային վարժարանի սենեակներուն մէջ:

Երեկոյեան, «Զաւարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի կողմէ Թեսաղոնիկէի երգչախումբին ի պատիւ կազմակերպուած երեկոյթը, որուն բարձր հովանաւորութիւնը ստանձնած էր առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը: Խանդավառ ծափերու մէջ ընկ. Կարօ Մինասեան հաւաքոյթին բացումը կատարելով՝ նախ բոլորին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց թեսաղոնիկեցի հիւրերուն եւ ապա գործադրութեան դրաւ յայտագիրը: Թեսաղոնիկէի երգչախումբը մէջ ընդ մէջ փայլուն յաջողութեամբ երգեց «Մեր հայրենիք»ը, «Համազասպի երգը», «Ձիգ տու քաշի»ն, «Տալւորիկը» եւ «Հիմի՞ էլ լռենք»ը արժանանալով բուռն ծափերու: Արտասանեցին՝ ընկ. Կարօ Մարկոսեան, եւ ընկ. Սօնա Պէօրէքճեան: Մեներգեց տիկին Արուս Գրիգորեան: Խօսեցան Պատրիկ Սարգիսեան, Ներսէս Յակոբեան, տոքթ. Արշակունի, եւ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը, որոնք վեր առին հայ ժողովուրդի առաքինութիւնները: Թեսաղոնիկեցիներուն կողմէ բանախօսեց ընկ. Կարապետ Գալֆայեան: «Յառաջ նահատակ»ով վերջ գտաւ երեկոյին առաջին մասը, որմէ ետք սրբազան հայրը եւ պաշտօնական մարմինները մեկնեցան սրահէն, շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդացին՝ այսքան խանդավառ հաւաքոյթ մը կազմակերպելուն համար: Երկրորդ մասը սկսաւ պարերով եւ ընկ. Գրիգոր Գրիգորեանի կատակախօսութիւններով: Ընկ. Գէորգ Ներէտեան հայկական օփերէթներէ քանի մը կտորներ երգեց: Գիշերը կը յառաջանար, եւ մթնոլորտը հետզհետէ կը տաքնար բայց Թեսաղոնիկեցի հիւրերը ստիպուած ըլլալով մեկնիլ՝ հրաժեշտ տուին ներկաներէն ու մեկնեցան՝ լաւագոյն յիշատակներ ձգելով իրենց ետին: