Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիրակի՝ 8 Մայիսին, Ատտիկէի նահանգի գրեթէ բոլոր հայութիւնը, Աթէնքի «Քենտրիքոն» ընդարձակ թատերասրահը փութացած էր, երկիւղածութեամբ յարգելու՝ հայ ժողովուրդի աննման նահատակներու յաւէտ անմոռանալի յիշատակը։ Սոյն յուշատօնը տեղի ունեցաւ Յարանուանութեանց պետերու հովանաւորութեան եւ

նախագահութեան ներքեւ։ Սգատօնին ներկայ էին՝ Սահակ Ս. Արք. Այվազեան, Յով. Թ.Ծ.Վ. Խանցեան, Վերպ. Գրիգոր Տէմիրճեան, Աթէնքի, Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ քահանայ հայրերը, Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը, Տնտեսական, Ուսումնական եւ Խնամատարական մարմիններու վարչութիւնները, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը եւ իր շրջաններու վարչական կազմերը, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի Թաղային մարմինները եւ Աթէնքի Հոգաբարձութիւնը, բարեսիրական, մշակութային, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու վարչութիւնները ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հայրենակիցներ, որոնք եկած էին անգամ մը եւս ոգեկոչելու յիշատակը, մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն։ Սրահի մուտքին դէմ դիմաց, շարուած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկներն ու սկաուտները իրենց աստիճանաւորներով, հիւրերը պատուի առնելու համար։ Բեմի ճակատին մեծ տառերով անմահ Ա. Ահարոնեանի «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք» պատգամ¬նախադասութիւնը գրուած էր։ Բեմին կեդրոնը, կը բարձրանար հսկայ խաչ մը, գանկակոյտի մը վրայ զետեղուած։ Իսկ երկու կողմերը կային մէկական բագիններ՝ որոնց մէջէն, սգահանդէսի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, բոցեր կը ցայտէին։ Օրուան նախագահ՝ Երուանդ Մանուկեան, բացատրեց այդ ահաւոր ցեղասպանութեան դրդապատճառները։ Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յ. Փափազեանի երգեց հայկական մեղեդիներ։ Սիամանթոյի «Դաշոյն»ը եւ «Պարը» ապրումով արտասանեցին՝ օր. Սոնա Պէօրէկճեան եւ պրն. Մ. Շարապխանեան։ Օրուայ բանախօսն էր պրն. Լեւոն Ճլկունի։ Յաջորդաբար տիկ. Արուս Գրիգորեան մեներգեց «Ինձ մի խնդրիր» եւ «Քանի կþաճի» երգերը։