- Հալէպահայ երաժշտասէր ընտրանին եւ պետական աւագանիէն մաս մը, Մարտ 31ի երեկոյեան, յուսախաբ չեղան, երբ փութացին «Սէրքլ կաթոլիկ»ի սրահը, երաժշտական վայելքի մը համար: Արդարեւ, Սուրիոյ 8 Մարտի յեղափոխութեան 3րդ տարեդարձին առիթով, Համազգային մշակութային ընկերակցութեան հրաւէրով,
լիբանանահայ թենոր Արա Կիրակոսեան, ճոխ յայտագիրով մը հայկական հին ու նոր երգերու գեղեցիկ փունջ մը նուիրեց, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի ուսուցիչ Ժան Հազարապետեանի: Յայտագիրը կը բաղկանար տասնհինգ հայ դասական եւ վիպական երգերէ.- Ա. Տիգրանեանի «Դաւիթ բէկ» օփերայի «Գուսանի երգ»ը եւ Սանթուրի արիան ու սիրերգը եւ «Անոյշ»ի Սարոյի սերենատը եւ արիան, Կոմիտասի «Կռունկ»ը, Տ. Չուխաճեանի «Գարուն»ը, Ա. Սպենդիարեանի «Այ վարդ»ը, Բ. Կանաչեանի «Ցայգերգ»ը, Ա. Պապաջանեանի «Երեւան եւ երգ առաջին սիրոյն», Կ. Օրբելեանի «Երեւան եւ գարունը իմ սրտում»ը, Ն. Բալանթոյեանի «Ո՞ւր ես»ը, Վ. Կոտոյեանի «Ինչպէս երազ»ը եւ այլն: Արա Կիրակոսեանի հայ երգի հաճելի այս երեկոյին փայլը աւելցուց յատկապէս իր հերոսական ձայնը: Կիրակոսեան գիտէ առինքնել հայ երգի կարօտ ունկնդիրները, մանաւանդ իր ձայնի ճկունութեամբ եւ բարձր ու մեղմ ելեւէջներով: Ունի գրաւականը արուեստի գերագոյն բարձունքները հասնելու եւ արդէն կը քալէ անմահ Արմենակ Շահմուրատեանի ճամբայէն: Հալէպահայութիւնը սիրեց Արային ձայնը: Կիրակոսեան կրցաւ սրահի խուռներամ ունկնդիրներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցնել: Յաջողութեամբ մեկնաբանեց յատկապէս Տիգրանեանի օփերաներու հատուածները եւ Կոմիտասի «Կռունկ»ը:
- Նիւ Պրըթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան 56րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը հացկերոյթով եւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով: Բացման խօսքը կատարած է ատենապետ Արաքսի Ետկարեան: Խօսք առած են Տիգրան Սարգիսեան՝ յանուն Հ.Յ.Դ. տեղւոյն կոմիտէի, Նուարդ Հայթայեան եւ Տաթեւ Քհնյ. Գալուստեան: