Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Մարդկային իրաւանց ուխտ» գոյութիւն  ունի, նաեւ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան «Ցեղասպանութեան ուխտը», զոր ստորագրած է, իր արիւնոտ ձեռքերով, նաեւ Թուրքիան: Մ.Ա.Կ.ը վերջերս կþուզէ ցեղասպանութեան խնդիրներուն յատուկ յանձնախումբ մը ընտրել: Կը կարծենք, թէ այս մտադրութիւնը ծագած է եղած բողոքներու եւ հարցապնդումներու պատճառով, մեծ մասամբ՝ Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի առթիւ, երբ համաշխարհային հանրային կարծիքը, եկեղեցիներէն սկսեալ մինչեւ կառավարական շրջանակները, ցաւի ու բողոքի ձայն բարձրացուց՝ դատապարտելով ցեղասպանը: Մ.Ա.Կ.ի ժողովներուն մէջ քանիցս Թուրքիոյ երեսին շպրտուեցաւ «ջարդերու հեղինակ» արտայայտութիւնը, 20.000 եկեղեցականներ, Ամերիկայի բոլոր եկեղեցիներէն, յուշագիր մը յղեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ հայ ժողովուրդի կրած ահռելի կոտորածին ու անիրաւութեանց առնչութեամբ եւ յայտարարեցին, որ «ամուր ու տեւական խաղաղութիւնը ժողովուրդներու միջեւ հաստատուելիք արդարութեան նախապայմանն է»: Հետեւաբար չիք խաղաղութիւն՝ առանց արդարութեան: Աշխարհ չի կրնար խաղաղիլ, մինչեւ որ անիրաւուած հայ ժողովուրդը եւ բոլոր անիրաւուած ժողովուրդները չտիրանան արդարութեան: Աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւնները նկատի պիտի առնեն այս պարագան: Կիպրոսի խնդրին առիթով ափրիկեան 24 ազգեր դէմ արտայայտուեցան Թուրքիոյ: Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները, բացի թուրքէն, բնական դաշնակիցներն են հայութեան, որովհետեւ անոնցմէ շատեր ճաշակած են անցեալին թրքական անիրաւութիւնները: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներ պիտի տանին մեր Հայ Դատի մարմինները, բարձր հոգեւորականութիւնը, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող ազդեցիկ հայերը, մեր նորահաս սերունդը ե՛ւ ամէն մէկ հայ՝ իր շրջապատին մէջ: Մեր հայրենի հողերը ամայի են, մեր ստացուածքները՝ աւարի եւ աւերի ենթարկուած, մեր ժողովուրդը՝ իր բներկրէն հալածական, մեր դարաւոր թշնամին՝ անպատիժ մնացած: Հայ ժողովուրդը պիտի ունենայ իր Նիւրենպերկը. ցեղասպանը հաշիւ պիտի տայ: Ա՛յս է, որ կը պահանջենք Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն, Մարդկային իրաւանց ուխտէն, Ամերիկաներէն մինչեւ Հայաստան, Ֆրանսայէն մինչեւ Աւստրալիա: