Ա. Աշխարհամարտէն ետք պատանեկան միութիւններու կազմութիւնը հերթական աշխատանքը եղաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Շնորհիւ թափուած ջանքերուն՝ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ բազմահարիւր տղաք մաս կազմեցին Պատանեկան Միութիւններուն, ստացան որոշ դաստիարակութիւն եւ անցան Դաշնակցութեան շարքերը: Այսպէս է, որ Միջին Արեւելքի մէջ դաստիարակուեցան եւ պատրաստուեցան բազմահարիւր երիտասարդներ: Անոնք անցնելով գործունէութեան պատասխանատու շրջան մը՝ այսօր դարձած են հայաշատ այդ գաղութներուն մէջ ազգային առաջադրութիւններու ջահը իրենց ձեռքին մէջ բռնած նոր ուժեր: Պատանեկան Միութեան մէջ տղաք պիտի ստանան ֆիզիքական կրթութիւն: Պիտի ստանան ազգային դաստիարակութիւն, քանի որ իրենց պիտի խօսուի մեր հին եւ նորագոյն պատմութեան ցեղակերտ դրուագներէն: Հուսկ, պիտի խօսուի իրենց ժամանակակից ընկերային կեանքի կարեւոր խնդիրներուն մասին: Պիտի բացատրուի, թէ ինչո՛ւ հեռու մեր հայրենիքէն՝ կþապրինք հիւրընկալ երկիրներու մէջ: Ի՞նչ պէտք է ընենք տիրանալու համար օր մը այն երկրին, որ մեր հայրենիքի մեծագոյն մասը եղաւ, եւ որ այսօր կը գտնուի թշնամիին կրունկներուն ներքեւ: Վերջապէս, տղաքը պիտի ապրին հայկական մթնոլորտի մէջ, շփում պիտի ունենան իրենց հասակակից ընկերներուն հետ, պիտի խօսին հայերէն, պիտի կատարեն ընկերովի դաշտագնացութիւններ, հանդէսներ, դասախօսութիւններ: Միասին պիտի ըլլան յաճախ, միասին հայերէն պիտի երգեն ու ոգեւորուին ամէն ինչով, որ հայկական է: Այսքան կարեւոր առաջադրութիւններով կազմուած են Պատանեկան Միութիւնները: Պատանեկան միութեան անդամ մը, հայկականութեամբ զրահուած, կոչուած է վաղուան տիպար ազգայինը դառնալու: Իրենց զաւակներուն առողջ դաստիարակութեան եւ հայեցի դիմագիծին նախանձախնդիր ծնողներու պարտականութիւնն է օր առաջ անդամագրել զանոնք օգտաշատ այս միութեանց, վստահաբար անոնք հոն պիտի գտնեն այն, ինչ որ հայկական է ու կարեւոր՝ հայ պատանիի մը համար: