Մարտ 13ին, Մեծագոյն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է գրագէտ Համաստեղի կողակցին՝ Սրբուհի Համաստեղի յուղարկաւորութիւնը։ Ներկայ եղած են՝ հանգուցեալի ընտանիքէն զատ նաեւ մեծ թիւով ընկերներ ու բարեկամներ։ Սգակիրներու կարգին տեղ գրաւած են նաեւ՝ Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութիւնը,

մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէն եւ «Հայրենիք»ներու խմբագրութեան ու վարչութեան ներկայացուցիչները։ Արարողութիւնները կատարած է Թորգոմ Քհնյ. Յակոբեան։ Վերջինս՝ դամբանական խօսելով՝ յիշատակած է տիկին Համաստեղի անձնուէր եւ երկարամեայ աշխատանքը՝ Հ.Օ.Մ.ի մէջ, իբրեւ անդամուհի Կեդր. Վարչութեան։ Յատկապէս շեշտած է անոր մշակութային գործունէութիւնը, որ գնահատուած էր հայ եւ ամերիկեան շրջանակներու կողմէ։ Ըսած է, թէ տիկին Համաստեղ քաջութեամբ դիմագրաւած է մահը, ապրելէ ետք հայ կնոջ պատուաբեր կեանք մը, իբր մայր եւ աւանդական տանտիկին։ Գերեզմանատան մէջ, Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան կողմէ խօսած է տիկին Ս. Գ. Մխիթարեան իսկ Հ.Օ.Մ.ի Քեմպրիճի մասնաճիւղին կողմէ, որուն կþանդամակցէր հանգուցեալը, խօսած է տիկին Փայլուն Մուրատեան։

Համազգայինի Պուրճ Համուտի վարչութիւնը, հայրենի տաղանդաւոր բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի ծննդեան յիսնամեակին առթիւ կազմակերպած է գրական¬գեղարուեստական երեկոյթ մը, որ տեղի ունեցած է Մարտ 18ին, Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ։ Շիրազի գործին մասին շահեկան բանախօսութիւն մը ըրած է պրն. Հրաչ Քաջարենց։ Բանախօսը յաճախ ընդմիջուած է բուռն ծափերով, երբ մէջբերումներ ըրած է Շիրազի հայրենաշունչ քերթուածներէն։ Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Երեկոյթի մասին Համազգայինի Պուրճ Համուտի վարչութիւնը նախապէս տեղեակ պահած է Շիրազը, որ բանաստեղծութիւն մը ուղարկեց վարչութեան։