30 Մարտ 1966ին Կարտինալ Ռիչըրտ Քուշինկի ներկայացաւ պատուիրակութիւն մը՝ Պոսթընի կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ, եւ Նորին Սրբազնութեան յանձնեց երկու մասնաւոր նամակներ. առաջինը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, իսկ երկրորդը կաթողիկէ հայոց Պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս

ԺԶ.ի կողմէ՝ ուղղուած Կարտինալին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ամերիկայի եւ Քանատայի հայոց Առաջնորդ Հրանդ Արք. Թորգոմ Քհնյ. Յակոբեան, Եղեռնի 50ամեակի Կեդր. Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցչական մարմինի անդամներէն փրոֆ. Սեդրակ Մինաս եւ Կեդր. Յանձնախումբի քարտուղար Մինաս Թէօլէօլեան: Ռիչըրտ Կարտինալ Քուշինկ սրտամօտիկ ու ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ պատուիրակութեան. մօտ կէս ժամու իր տեսակցութեան ընթացքին հետաքրքրուեցաւ  հայութեան ընդհանուր կեանքով՝ շեշտելով անոր արդար դատի հետապնդման կարեւորութիւնը ու պատրաստակամութիւն յայտնելով կարելի ամէն աջակցութեան՝ իրեն համար կարելի միջոցներով: Շնորհակալութիւն յայտնեց Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. կաթողիկէ Պատրիարքի մասնաւոր նամակներուն համար եւ խնդրեց իր օրհնութիւնները փոխանցել հայութեան «որուն արժանիքներուն ու առաքինութեանց ծանօթ եմ» եզրակացնելով: Այս այցելութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ Մ.Ա.Կ.ի ընդհ. քարտուղարութեան եւ Մ. Նահանգներու արտաքին քարտուղարութեան յանձնուած յուշագրի մէկ օրինակին յանձնումը Կարտինալին, որ ինչպէս յայտնի է, պատուակալ նախագահն է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբին: Փրոֆ. Սեդրակ Մինաս տեղեկութիւններ տուաւ նորին վսեմութեան՝ Հայ Դատի հետ առնչակից աշխատանքներու մասին եւ թարգման եղաւ հայութեան լաւագոյն զգացումներուն: Ռիչըրտ Կարտինալ Քուշինկ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մատնանշեց հիմնական նշանակութիւնը միշտ արթուն եւ գիտակից պահելու հայ ժողովուրդը՝ քաղաքական իրաւունքներու մարզին մէջ, ու կազմակերպուած ձեւով լծուելու քարոզչական լայն աշխատանքի: