Որոտանիի ահեղ կիրճի արքայանիստ բարձունքին վրայ, մեր հեթանոս հայրերը մեհեան կառուցած, իրենց մշտավառ ատրուշանը հոն հրահրած, երկրպագած են արեւին եւ անձրեւին։ Մինչեւ այսօր, հնամեայ սովորութեամբ, Որոտանիի կիրճի բնակիչները կը սիրեն խարոյկ վառել այդ բարձունքին վրայ։ Չորրորդ դարուն քանդուած է բարձունքի հեթանոսական տաճարը եւ անոր տեղ կառուցուած է փոքր եկեղեցի մը։ 895ին, Սիւնիքի իշխանները ձեռնարկած են վանք¬մայրաքաղաքի շինութեան։ Կառուցած են հրաշակերտ յուշարձաններ, որոնց մէջ վեհաշուքն Պօղոս¬Պետրոս եկեղեցին։ Տաթեւի վանքը իսկական դղեակ¬ամրոց է։ Իններորդ դարէն սկսած, Տաթեւը եղած է Սիւնիքի եպիսկոպոսանիստ վանքը 500 վանականներով։ Վանքին հարկ վճարած են Սիւնեաց աշխարհի 14 գաւառներու 701 գիւղերը։ Տաթեւը եղած է նաեւ միջնադարեան Հայաստանի մշակոյթի անուանի օճախներէն մէկը։ Տասներորդ դարուն, Տաթեւի մէջ կային 10 հազար մագաղաթեայ ձեռագիրներ։ Մոնկոլեան արշաւանքի նախօրեակին, ապահովութեան համար, այդ ձեռագրերը փոխադրուած են Ղափանի Բաղաբերդ ամրոցը։ Սակայն, Սելճուկները գրաւած են Բաղաբերդը եւ ոչնչացուցած ձեռագրերը, որոնք հայկական մշակոյթի մեծագոյն կորուստներէն կը նկատուին։ Տաթեւ 14-15րդ դարերուն հռչակաւոր եղած է իբրեւ բարձրագոյն ուսման կեդրոն, որուն հիմնադիրն էր Յովհան Որոտնեցին։ Անոր յաջորդած է համբաւաւոր Գրիգոր Տաթեւացին։ 17րդ դարուն, Տաթեւի մէջ կատարուած են նոր կառուցումներ, որոնց մեծագոյն մասը կանգուն էր մինչեւ 1931ի մեծ երկրաշարժը։ Ներկայիս, իր կիսաւեր վիճակին մէջ իսկ, Տաթեւը վիթխարի է եւ ազդեցիկ։ «Վանք¬մայրաքաղաք»ի կառոյցներուն մէջ, զարմանահրաշը ճօճուող սիւնն է։ 30 կանգուն բարձրութեամբ այդ կոթողին ճօճուելու գաղտնիքը պարզուած չէ։ 12րդ դարուն, Սելճուկներ, փորձած են տապալել սիւնը, բայց չեն յաջողած։ Տաթեւի հազարամեայ սիւնը, կանգուն կը մնայ՝ իր բազմաչարչար ժողովուրդին պէս։