Մարտ 27ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Ֆիքսի Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան 17րդ Պատգամաւորական Ժողովը, որ տեւեց մինչեւ գիշերուան ժամը 9։30ին, ընկերական ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Սոյն Գերագոյն Ժողովին
մասնակցեցան Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան հինգ շրջաններու երկսեռ խումբերը ներկայացնող լիազօր պատգամաւորները։ Անոնցմէ զատ, ժողովին մասնակցեցան նաեւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրուած ընկեր¬ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Պատգ. ժողովը սկսելէ առաջ, Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչը, հակիրճ խօսքերով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն ու թելադրեց պատգամաւորներուն՝ լրջօրէն հետեւիլ Պատգ. ժողովի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ տարուան համար նորանոր ծրագիրներ մշակել, յօգուտ մեր աննման ժողովուրդին եւ մեր սիրելի կազմակերպութեան։ Մնայուն դիւանի, բանաձեւերու եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու ընտրութենէն ետք, ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն։ Հերթով կարդացուեցան Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի բոլոր խումբերու եւ Կեդր. Վարչութեան տարեկան նիւթաբարոյական գործունէութեան տեղեկագրերն ու հաշուեկշիռները։ Ժողովը, խումբերու եւ Կեդր. Վարչութեան միամեայ նիւթաբարոյական գործունէութեանց մասին իրազեկ մնալէ ու զանազան կարծիքներ եւ առաջարկներ յայտնելէ ետք, քուէարկեց համապատասխան բանաձեւեր։ Եռանդուն ու արդիւնաշատ տարեշրջան մը բոլորած են բոլոր խումբերն ու Կեդր. Վարչութիւնը, որոնք Պատգ. ժողովին ներկայացան հետեւեալ պատկերով.¬ Աթէնքի մէջ կը գործէ «Գրիգոր Գըյըճեան» երկսեռ խումբը, 28 անդամներով։ Ժողովներուն զբաղած է ազգային նիւթեր ընդգրկող դասախօսութիւններով։ Կազմակերպած է հրապարակային ու միջանդամական պար¬հաւաքոյթներ։ Ծրագրած է զանազան ձեռնարկներ եւ գործի լծուած՝ իր անդամներուն թիւը աւելցնելու եւ ժողովները աւելի բովանդակալից դարձնելու համար։
Գոքինիոյ հայահոծ շրջանին մէջ կը գործեն երկու երկսեռ խումբեր՝ «Սօսէ¬Պալեան» երիտասարդներու եւ «Սասունի¬Սերոբ» պատանիներու։ «Սօսէ¬Պալեան» խումբը ունի 48 ընկերներ։ Խումբը կատարած է մեծ թիւով դասախօսութիւններ՝ ազգային եւ յեղափոխական նիւթերու շուրջ։ Կազմակերպած է պար¬հաւաքոյթներ։ Իր անդամներէն շատերը կը մասնակցին Համազգայինի երգչախումբին։ Գոքինիոյ Երիտասարդացի անունով խումբը մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան կազմակերպած վոլէյ¬պոլի տարեկան մրցաշարքին եւ ախոյեան հանդիսանալով՝ տիրացած բաժակին։ «Սասունի¬Սերոբ» պատանիներու երկսեռ խումբը ունի 40 անդամներ։ Իր ժողովներուն ընթացքին զբաղած է դաստիարակչական դասախօսութիւններով, խաղերով եւ այլ ընթացիկ հարցերով։ Վերջերս կազմակերպած է արտասանութեան մրցում մը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է անդամներուն միջեւ։ Իր անդամներէն շատեր կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն սկաուտական ու մարզական խումբերուն, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանին։ Կը հրատարակէ «Հայորդիներ» անունով պարբերաթերթը։
Հիւսիսային Յունաստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ Թեսաղոնիկէի մէջ, կատարուած ազգային բոլոր ձեռնարկներուն ողնասիւնը կը կազմէ Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբը։ Ունի 35 անդամներ, որոնք գումարած են իրենց հերթական ժողովները, որոնց ընթացքին զբաղած են ազգաշունչ դասախօսութիւններով, վիճաբանական ասուլիսներով եւ այլ հարցերով։
Ֆիքսի մէջ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութիւնը ունի երկու խումբեր՝ «Արշալոյս¬Ջամալեան» երիտասարդներու եւ «Սաթենիկ¬Վազրիկ» պատանիներու։ «Արշ. Ջամալեան» երկսեռ խումբը ունի 43 անդամներ։ Ժողովներէն ներս զբաղած է զանազան դասախօսութիւններով։ Կազմակերպած է հրապարակային հաւաքոյթներ, ինչպէս նաեւ պտոյտներ։ Պար¬հաւաքոյթի մը ընթացքին ներկայացուցած է երգիծաբան Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները»։
Հիւսիսային Յունաստանի այս հեռաւոր անկիւնին մէջ գործող Երիտասարդացի «Արամ Արամեան» երկսեռ խումբը կամքէ անկախ պատճառներով, այս տարի չկարողացաւ պատգամաւորական ժողովին մասնակցիլ։ Վարչութիւնը՝ ժողովին յղած էր տեղեկագիր մը եւ խոստացած՝ յառաջիկայ Պատգամաւորականին ներկայանալ պատգամաւորներով։ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց եւ Պատանեկան Միութեանց վերոյիշեալ բոլոր խումբերը, ունին իրենց մնայուն ներկայացուցիչները, որոնք ուղղութիւն կուտան եւ աչալրջօրէն կը հետեւին անոնց գործունէութեան։ Խումբերու տեղեկագրերու ընթերցումէն ետք, կարդացուեցաւ նաեւ Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ ինչպէս ամէն տարի, անցեալ տարի եւս, Կեդր. Վարչութիւնը մօտէն զբաղած է բոլոր խումբերով։ Իսկ հեռաւոր քաղաքներու խումբերուն հետ պահած է թղթակցական կապ։ Պատրաստած է ազգային եւ յեղափոխական նիւթեր ընդգրկող դասախօսութիւններու ցանկ մը եւ դասախօսներ նշանակած՝ խումբերուն այդ ցանկէն դասախօսութիւններ ընելու համար։ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, անցեալ տարի եւս, մեծ յաջողութեամբ կազմակերպած է դէպի Գավալա աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Կազմակերպած է խումբերու միջեւ խառն ժողովներ ու վիճաբանական ասուլիսներ, ազգօգուտ եւ հետաքրքրական նիւթերու շուրջ։ «Համազգային»ի հետ կատարած է միօրեայ պտոյտ մը, իր բոլոր խումբերու եւ մեծ թիւով համակիրներու մասնակցութեամբ։ Բարեկենդանի առթիւ, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան հետ, Աթէնքի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ կազմակերպած է մեծ պարահանդէս մը, որ արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն։ Ազգային տօներու առթիւ բոլոր խումբերուն ղրկած է շրջաբերականներ ու նամակներ։ Համազգայինի Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, շարունակած է պահել երկու սաներ, երիտասարդ ղեկավար դէմքեր պատրաստելու միտումով։ Պատգ. ժողովը նոր տարեշրջանին համար զանազան թելադրանքներ ընելէ ետք ձեռնարկեց եռանդամ նոր կեդր. վարչութեան ընտրութեան։