- Տիթրոյիթի մէջ աննախընթաց բազմութիւն մը ոգեւորութեամբ ու հաւատքով պանծացուցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան եօթնասունհինգամեակին նուիրուած փառատօնը: Աւելի քան յիսուն տարիներու տքնութեան, անսահման զոհողութեան, յարատեւ, անսակարկ գործունէութեան պանծացում մը եղած է նաեւ Հ. Օ.

Միութեան տօնախմբութիւնը: Մասնաւորաբար, գերազանց երեւոյթ մը եղած է Հ. Ե. Դաշնակցութեան նուիրուած փառաւոր հանդէսը Հայ կեդրոնի ընդարձակ սրահներուն մէջ: Բացման խօսքը ըրած է Աբիկեան: Յանուն Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի կոմիտէի՝ գեղեցիկ ճառ մը խօսած է Ա. Կիրակոսեան: Յանուն Հ. Ե. Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան՝ ողջոյնի խօսք ուղղած է Ճիմի Թաշճեան: Գործադրուած է ճոխ յայտագիր մը: Հանդէսին ամէնէն յուզիչ պատկերը ներկայացուցած է հարիւր երկսեռ երիտասարդներու երդման արարողութիւնը: Ժողովրդային բուռն բացագանչութիւններու տարափին տակ, կարգապահութեամբ բեմ բարձրացած են անոնք եւ բոլորակ կազմած՝ Նժդեհի նկարին շուրջ: Աջ ձեռքերնին դրած իրենց կուրծքերուն վրայ, Կիրակոսեանի արտասանած երդման ուխտը հատիկ-հատիկ կրկնելով, հպարտութեամբ «Մուրատ-Զաւարեան» եւ «Քրիստափոր» ուխտերուն: Հանդիսականները ուրախութեան արցունքներով հետեւած են այս տպաւորիչ արարողութեան:

- Խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան 23րդ համագումարին, առաջին խօսք առնողը եղաւ Հայաստանի կոմկուսի առաջին քարտուղար Անտոն Երուանդովիչ Քոչինեան, որ զեկուցում տուաւ երկու համագումարներու միջեւ երկարող շրջանին հայկական կոմկուսի գործունէութեան մասին: Խօսելով յանուն հայ համայնավարներուն՝ ամբողջովին համեմատութիւն յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան տեղեկագրին, որ կարդացուեցաւ Լէոնիտ Պրեժնեւի կողմէ: «Խորհրդային Հայաստանը, իր տնտեսական յառաջդիմութեամբ, ներկայիս շատ առաջ է Արեւմտեան Եւրոպայի շատ զարգացած բազմաթիւ երկիրներէն», յայտարարեց Քոչինեան: