- Մարտ 13ին, Փետրուար 18ի համաժողովրդական ապստամբութեան 45րդ տարեդարձին առթիւ, Ֆիքսի Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերահամակրական խնճոյք¬հաւաքոյթ մը։ Հաւաքոյթին ներկայ էին՝ Ֆիքսի, Աթէնքի, Գարէայի, Գալիթէա¬Ճիճիֆիէսի եւ Ֆալիրոյի ընկեր¬ընկերուհիները,
Երիտասարդացի անդամները եւ համակիրներ, որոնք սրահ փութացած էին՝ անգամ մը եւս իրենց յարգանքի տուրքը տալու այն քաջարի հերոսներուն, որոնք 45 տարի առաջ, խիզախօրէն գլուխ բարձրացուցին բռնակալութեան դէմ, հայ ժողովուրդի վիրաւորուած արժանապատուութիւնը փրկելու համար։ Օրուան նախագահ՝ ընկ. Օննիկ Օննիկեանի հակիրճ խօսքերէն ետք, ընկ. Պետիկ Պարսամեան ապրումով արտասանեց Ա. Կազէլի «Հայրենիք» գողտրիկ քերթուածը։ Ընկ. Գրիգոր Դերձակեան իր հաճելի զուարճախօսութիւններով երկարօրէն խնդացուց ներկաները, որմէ ետք, ընկեր Կարօ Ղեւոնդեան զգացումով արտասանեց Հայաստանի բանաստեղծներէն՝ Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» հայաշունչ բանաստեղծութիւնը։ Բոլորն ալ արժանացան երկարատեւ բուռն ծափերու։ Օրուան բանախօսն էր ընկ. Յարութիւն Մեքթուպճեան։ Ընկերոջ խօսքերը ողջունուեցան խանդավառ ծափերով։ Երիտասարդութիւնը երգեց ազգային եւ յեղափոխական զանազան երգեր եւ ներկաներուն ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասցուց։ Ներկաները հիւրասիրուեցան ճոխ եւ ընտիր ճաշերով եւ ըմպելիով։ Խնճոյքը շարունակուեցաւ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ մինչեւ ուշ ատեն ու փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ»ով, որ երգուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։
- Յունաստանի Համայնավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն հրատարակեց յայտարարութիւն մը, որով կը պահանջէ, որ Յունաստանի հողերու վերեւէն ամերիկեան սաւառնակներու թռիչքը արգիլուի եւ օտար բոլոր խարիսխները փակուին։